Իրանի հոգեւոր առաջնորդ Ալի Խամենէին յայտարարած է, որ Իսլամական Հանրապետութիւնը պիտի չընկրկի անհնազանդութիւններու առջեւ։ Այդ մասին ան նշած է յունուար 9-ի իր ուղերձին մէջ, յայտնած են միջազգային լրատուամիջոցները։ Յունուար 8-ի երեկոյէն Իրանի մէջ կապի տատանումներ են, որոնց հետեւանքով չեն գործեր բազմաթիւ լրատուական կայքէջեր։
«Իւրաքանչիւրը պէտք է իմանայ, որ Իսլամական հանրապետութիւնը եկեր է իշխանութեան հարիւր հազարաւոր պատուարժան մարդոց արեան գինով եւ պիտի չընկրկի սապոթաժի առաջ», – նշած է Խամենէին։
Իրանի գերագոյն առաջնորդը ցոյցերու մասին խօսելով մեղադրած է «օտար ուժերու հովանաւորութիւնը» վայելողները Իրանը ապակայունացնելու փորձերու մէջ։ Ան այդ պարունակին մէջ թիրախաւորած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը, իսկ ցուցարարներու գործողութիւնները համարած է որպէս վերջինիս հաճոյանալու փորձ։
«Անոնք [ցուցարարները] կ՚ուզեն անոր ուրախացնել, սակայն եթէ ինքը [Թրամփը] կառավարել գիտնար, կը կառավարէր սեփական երկիրը», –ըսած է Իրանի առաջնորդը։
Ալի Խամենէին խօսած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի տապալման մասին․
«Թրամփը պէտք է իմանայ, որ աշխարհի բռնակալները, ինչպիսիք են՝ Փարաոնը, Նիմրուտը, Ռեզա շահն ու Մոհմմատ Ռեզան տապալեցան իրենց ամբարտաւանութեան գագաթնակէտին։ Ան նոյնպէս պիտի տապալի», – ըսած է Խամենէին։
Իրանի մէջ բողոքի ցույցերը սկսած են 2025-ի դեկտեմբեր 28-ին Թեհրանի շուկային մէջ։ Սկզբնական շրջանին ցուցարարները կը բողոքէին Իրանի ազգային արժոյթի՝ ռիալի գահավիժումէն եւ գիներու թանկացումէն, որմէ ետք կոչերը փոխուած են նաեւ հակակառավարականի՝ տարածուելով Իրանի նահանգներու մեծ մասին մէջ։
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը Իրանի կառավարութեան միջամտութեամբ սպառնացած է, եթէ անոնք ըստ Թրամփի՝ կրակ բանան ցուցարարներու ուղղութեամբ։