image

Իրանը կողմ է Հայաստան-Ատրպէյճան համաձայնութեան

Իրանը կողմ է Հայաստան-Ատրպէյճան համաձայնութեան

Իրան կ՚աջակցի Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագրին: Այս մասին ըսած է Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Իսմայիլ Պաղային:

«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան հարցի վերաբերեալ մենք միշտ ընդգծած ենք երկու երկիրներու միջեւ խաղաղութեան գործընթացին աջակցելու անհրաժեշտութիւնը եւ պիտի խրախուսենք  հնարաւորինս շուտ ստորագրել խաղաղութեան համաձայնագիրը։

Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը ռազմավարական նշանակութիւն ունին Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան համար։

Մենք լաւ եւ հաւասարակշռուած յարաբերութիւններ ունինք երկու երկիրներու՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան հետ,-ըսած է Պաղային: