image

Իրանէն զգուշացում՝ բռնապետին

Իրանէն զգուշացում՝ բռնապետին

Դատելով Իրանի ճանապարհներու եւ քաղաքաշինութեան նախարար Ռոստամ Ղասեմիի վերջին թուիթըրեան գրառումէն, լուծումներ գտնուած են Հայաստանի տարածքով, ատրպէյճանական «պաշիպոզուքներ»ը շրջանցելով, իրանեան բեռերու փոխադրումը իրականացնելու համար եւ յառաջիկային ամբողջովին պիտի փոխուին տարածաշրջանային տարանցիկ քարտէզները։  Այս մասին ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ գրած է իրանագէտ Վարդան Ոսկանեանը:

«Ուշագրաւ է, որ փաստացիօրէն ի հակադրութիւն եւ պատասխան Պաքուի եւ Անգարայի երազանքներուն, այսպէս կոչուած, «Զանգեզուրեան միջանցքի», իրանցի  նախարարը գրառման մէջ օգտագործած է «Կովկասի միջանցք» ձեւակերպումը, որ պիտի ապահովէ Իրանի ելքը դէպի Սեւ ծով եւ Եւրոպա բացառապէս Հայաստանի եւ Վրաստանի տարածքներով։

Ռոստամ Ղասեմին, առանց անունը յիշատակելու, նաեւ զգուշացուցած է Պաքուի բռնապետը, որ «որեւէ ուղի Իրանի համար փակ չի մնար»»։