Իրան փակած է Հորմուզի նեղուցը, կը հաղորդեն իրանական լրատուամիջոցները։
Աւելի վաղ իսրայէլեան լրատուամիջոցները յայտնած էին, որ Իրան շրջափակած է Հորմուզի նեղուցը, որով կ՚անցնի համաշխարհային նաւթի մօտաւորապէս 20 առ հարիւրը, եւ ուր կը կատարուի նաեւ կազի փոխադրութիւն։
Հորմուզի նեղուցին շրջակայքը լցանաւերու երթեւեկը ամբողջութեամբ դադրեցուած է, յայտարարած է իրանական Fars գործակալութիւնը։