Իրանի յեղափոխութեան պահապաններու ջոկատը Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւթատար նաւ կալանած է։ Այս մասին յայտնած է ջոկատի մամուլի ծառայութիւնը։
«Իրանի յեղափոխութեան պահապաններու ջոկատի արագ արձագանգման ստորաբաժանումները հետեւած են Մարշալեան կղզիներու դրօշով «Թալարա» անուամբ նաւու շարժին։ Դատական մարմիններու թոյլտուութիւնը ստանալէն յետոյ նաւթատար նաւը կալանուած է»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Նաւթատար նաւը կ'ուղեւորուէր Սինկափուր` տանելով 30 հազար թոն նաւթաքիմիական արտադրանք։ Իրանի յեղափոխութեան պահապաններու ջոկատը յայտնած է, որ նաւը խախտած է բեռներու փոխադրման կանոները։