image

Ինչո՞ւ «Կոր» Կը Գրեմ Կոր...

Ինչո՞ւ «Կոր» Կը Գրեմ Կոր...

Որոշ ժամանակ կողմնակից էի, որ չի՛ գործածուի «կոր» բառը, սակայն ներկայ ժամանակներու մէջ աւելի քան երբեք համամիտ եմ «կոր» բառի գործածութեան. թող «կոր» ըսէ մեր նոր սերունդը, սակայն հայերէն խօսի՝ անգլերէն, յունարէն եւ կամ ֆրանսերէն լեզուով խօսելու փոխարէն. թող «կո՛ր» ըսեն, սակայն իրենց միտքը հայերէնով արտայայտեն՝ օտարութեան մէջ մայրենի լեզուն մոռացութեան յանձնելու փոխարէն: Եթէ գիտնանք, որ «կոր»ը պիտի օգնէ անոնց հայերէն լեզուն բարելաւելու, «Հայր Մեր»ին մէջ եւս կոր կը գործածենք՝ միայն թէ ապրի լեզուն՝ որ անդունդի մը եզրին կը գտնուի: 

 

 

 

Յաճախ հարց կը տրուի, թէ Հայերէն խօսակցական լեզուի մէջ ինչո՞ւ համար կը գործածուի «կոր» արտայայտութիւնը, ինչ որ շատ շատերու կողմէ սխալ նկատուելով հանդերձ կը շարունակէ պահել իր գոյութիւնը: Օրինակի համար «Կոր»ի գործածութիւնը կը տեսնենք Գրիգոր Զօհրապի, Յակոբ Պարոնեանի, Արփիար Արփիարեանի, Լեւոն Բաշալեանի, Եղիա Տէմիրճիպաշեանի, Շահան Շահնուիր եւ այլ գրողներու մօտ: 

Նման «սխալ» արտայայտութիւն մը գործածուած է նման բազմաթիւ գրողներու կողմէ եւ այս հարցին պատասխանը բոլորիս համար եղած է քիչ մը անծանօթ: 

Նախ եւ առաջ ըսենք, որ «կոր»ը մինակը իմաստ մը չունի (թէեւ հայերէն լեզուի մէջ ունինք կոր բառը՝ որպէս ածական՝ որ կը նշանակէ «ծուռ» եւ «թեք», եւ որպէս գոյական՝ որ կը նշանակէ «կարիճ»):  «Կոր»ի գործածութիւնը ձեւաւորուած է Պոլսահայութեան խօսակցութեան մէջ՝ մանաւանդ 1840-ական թուականներուն, ինչ որ մեծ հաւանականութեամբ թուրքերէն «յոր» վերջաւորութեան նմանութիւնը ունի, սակայն այս փոխառութիւնը ունի իր հիմնական պատճառները. որպէս գրասէր մարդիկ հայերէն լեզուն ինչքան ալ պաշտենք ու սիրենք, իր մէջ ունի որոշ խոցելի եւ տկար մասեր  եւ անոր հետեւանքն է «Կոր» գործածութիւնը: Բացատրե՛նք. Մեր աչքի դիմաց ունենանք Սահմանական եղանակի ներկան եւ օրինակ վերցնենք վազել բառը.- 

Կը վազեմ Կը վազենք

Կը վազես Կը վազէք

Կը վազէ Կը վազեն

Ներկայի այս ճիշդ գործածութիւնը իր մէջ ունի դերութիւն մը. անձի մը «կը վազեմ» ըսելով յստակ չըլլար թէ ներկայիս այդ վազելու ընթացքի մէ՞ջ եմ, թէ ոչ ընդհանուր հաստատում մը կը կատարեմ ըսելով «կը վազեմ». Հայ ժողովուրդը այդ բացը ուզած է լրացնել «կոր»ով, ըսելով «կը վազեմ կոր» հասկցնելու համար թէ հիմա, այս վայրկեանիս այդ վազելու ընթացքին մէջ եմ. Նոյն խնդիրը ունինք արեւելահայերէնի պարագային եւս. «վազում եմ» ըսելով այնքան ալ յստակ չէ թէ ընդհանրապէս «վազում է», թէ այս վայրկեանիս վազելու գործողութեան վրայ կը գտնուի:

«Կոր»ը յաճախ կը գործածենք նաեւ անցեալ եղանակի համար, ինչպէս օրինակ «կը վազէի կոր». այդ «կոր»ը դարձեալ շարունակական ըլլալը ցոյց կու տայ: 

Օրինակ առնենք անգլերէն լեզուն. Ներկայ եղանակի մէջ վազել բառը կը խոնարուի որպէս «I run», սակայն անոր շարունակական եւ այս վայրկեանիս ըլլալը ցոյց տալու համար կը գործածուի «I am running» արտայայտութիւնը, որ իրապէս ներկայիս ըլլալու զգացումը կու տայ. նոյնն է պարագան նաեւ թուրքերէնին. «Ben koşarım» եւ «Ben koşuyorum» տարբեր արտայայտութեան ձեւերով: Ցաւ ի սիրտ մեր հայերէն լեզուի մէջ նկատի ունենալով նման պակաս մը, ժողովուրդը սկսած է գործածել «կոր» մասնիկը, որ մինչեւ այսօր մնացած է մեր խօսակցական լեզուին մէջ: 

Ինչքան ալ շատեր դէմ գտնուին «կոր»ի գործածութեան, շատեր այդ մէկը նկատած են անհրաժեշտ. օրինակի համար Յ. Գ. Այվ. Ստորագրութեամբ հեղինակ մը 1847 թուականին հրատարակուած Բազմավէպի Ե. Տարի, թիւ 11, էջ 166-ի մէջ կը գրէ.- «սա կոր մասնիկը զարդ փափկութիւն ու հարստութիւն մըն է նաեւ մեր աշխարհաբառին», վստահ ըլլալով յանդերձ, որ «մեծ վնաս կ'երեւնայ մեզի այսպիսի օտար բառերով լեզունիս զարդարել»:    

Շատեր կը պնդեն, որ առանց «կոր»ի գործածութեան կարելի է փոխանցել նոյն հասկացողութիւնը. Օրինակի համար «կը վազեմ» ըսելը նոյնինքն ներկայիս վազելն է. բայց օրինակը առնենք հետեւեալ ձեւով.- հիմա հարց տամ քեզի. «երկու շաբաթ ետք կը վազե՞ս». Քու պատասխանդ կ'ըլլայ «կը վազեմ». նոյն ներկայի համար սահմանուած «կը վազեմ»ը անորոշութեան մէջ ապագան ալ կը մատնանշէ. այդ իսկ պատճառով մեծ տարբերութիւն մը գոյութիւն ունի «կը վազեմ»ին եւ «կը վազեմ կոր»ին միջեւ: 

Ինչպէ՞ս պէտք է լուծել այս «հարց»ը. գրականութեան մէջ ամէն ձեւով կը փորձենք հեռու մնալ «կոր» գործածութենէն, այն բացառութիւններով, եթէ ուզենք պատմուածքի մէջ խօսակցական անկեղծութիւնը պահել. օրինակի համար կարելի չէ պատկերացնել Աբիսողոմ Աղա մը առանց «կոր»ի՝ մաքուր հայերէնով: Սակայն գրականութենէն ինչքան ալ հեռու պահենք «կոր»ի գործածութիւնը հայերէն խօսակցական լեզուէն դժուար է ջնջել անոր «գոյութիւն»ը. մատեր «կոր»ի փոխարէն կ'առաջարկեն «ահա» բառի գործածութիւնը, ըսելով «ահա՛ կու գամ» եւ կամ «ահաւասիկ կու գամ», ինչ որ ներկայ ժամանակի մէջ՝ հիմա ըլլալը ցոյց կու տայ: 

Խնդիրը կը նմանի գրաբարի եւ աշխարհաբարի գործածութեան. հիմնականին մէջ լեզուն մաքուր պահե՞լը կարեւոր է մեզի համար, թէ աւելիով հասկնալի ու յստակ լինելը. երկու թեզերն ալ պաշտպանողներ պիտի գտնուին. ինչքան ալ փորձենք լեզուն պահել անաղարտ՝ կարելի պիտի չըլլայ, մանաւանդ արեւմտահայերէնի պարագային, որովհետեւ օտարներու մէջ ապրելով, բնականաբար լեզուն ազդեցութիւն պիտի կրէ՝ այնպէս ինչպէս կրած է անցեալին. այսօր մեր հայերէնի մէջ ունինք շա՜տ բառեր, որ իրականութեան մէջ փոխառութիւն են պարսկերէնէ, արաբերէնէ, թուրքերէն եւ այլ լեզուներէ, ինչպէս օրինակ «սնտուկ» բառը, որ նման է թուրքերէն «sandik», ինչպէս նաեւ արաբերէն «սընտուք» բառին: 

Որոշ ժամանակ կողմնակից էի, որ չի՛ գործածուի «կոր» բառը, սակայն ներկայ ժամանակներու մէջ աւելի քան երբեք համամիտ եմ «կոր» բառի գործածութեան. թող «կոր» ըսէ մեր նոր սերունդը, սակայն հայերէն խօսի՝ անգլերէն, յունարէն եւ կամ ֆրանսերէն լեզուով խօսելու փոխարէն. թող «կո՛ր» ըսեն, սակայն իրենց միտքը հայերէնով արտայայտեն՝ օտարութեան մէջ մայրենի լեզուն մոռացութեան յանձնելու փոխարէն: Եթէ գիտնանք, որ «կոր»ը պիտի օգնէ անոնց հայերէն լեզուն բարելաւելու, «Հայր Մեր»ին մէջ եւս կոր կը գործածենք՝ միայն թէ ապրի լեզուն՝ որ անդունդի մը եզրին կը գտնուի: 

Հրայր Տաղլեան

Հրայր Տաղլեան

Հրայր Տաղլեան

Ծնած է Պէյրութ-Լիբանան, 8 Փետրուար 1992-ին: Ա...