22-23 հոկտեմբեր, 2016 –ին, Երեւանի մէջ գումարուեցաւ ՀՅԴ մարմիններու խորհրդաժողովը: Այս մասին կը լուրը կը փոխանցէ ՀՅԴ պաշտօնական կայքը, յայտնելով նաեւ, թէ խորհրդաժողովին մասնակցած են Դաշնակցութեան աշխարհասփիւռ կառոյցի ղեկավար մարմիններու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ մամլոյ պատասխանատուները:
Խորհրդաժողովի օրակարգին էին, Հայաստանի մէջ համակարգային բարեփոխումներուն, յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, կառավարութեան վերջին փոփոխութիւններուն վերաբերող հարցեր:
Ժողովը առանձնայատուկ կերպով կարեւորած է Հայաստանի մէջ բարեփոխումներու ընթացքը հանրութեան համար տեսանելի դարձնելու, յառաջիկայ համապետական ընտրութիւնները օրինականութեան ու ժողովրդավարութեան առումով անխոցելի իրականացնելու անհրաժեշտութիւնը:
Խորհրդաժողովին անդրադարձ եղած է նաեւ՝ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին, ԼՂՀ բանակցային գործընթացին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ նախատեսուող սահմանադրական փոփոխութիւններուն եւ այլ հարցերու:
Անդրադարձ եղած է կուսակցութեան քարոզչական աշխատանքներուն եւ անոնց կատարելագործման անհրաժեշտութեան՝ հիմնուելով ժամանակակից արհեստագիտական հնարաւորութիւններուն վրայ:
Օրակարգային հարցերու շուրջ ծաւալեցաւ լայն քննարկում: