image

Հրատապ. Հինգ յարկանի շէնքի փլուզում Հալէպի մէջ. Զոհերուն թիւը հասաւ 7-ի (Տեսանիւթ)

  Հրատապ.  Հինգ յարկանի շէնքի  փլուզում Հալէպի մէջ. Զոհերուն թիւը հասաւ 7-ի (Տեսանիւթ)

Հալէպի մէջ շէնքի մը փլուզման հետեւանքով  զոհուած է  7 անձ։ 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց  համացանցի     սուրիական էջերէն ու նաեւ «Սանա» լրատուական գործակալութիւնէն։

 

 Մանրամասնութեան մէջ կը հաղորդուի, որ «Հայ Ալ Սալհին» շրջանին մէջ  գտնուող եւ պատերազմի օրերուն  վնասներու ենթարկուած շէնքը փլուզուած է   պատճառելով զոհեր։

   Աւելի ուշ  պարզ դարձած է, որ զոհերէն չորսը  կանայք են, երկուքը անչափահաս երեխաներ եւ մէկը ՝տղամարդ մը։

 

 Հալէպի ԱԻՆ եւ  փրկարարական    խումբեր ժամանած են դէպքի վայր  եւ  կեդրոնացուած  ճիգեր գործադրելով կարողացած են փրկել    այլ քաղաքացիներ։

 Դէպքի վայր ժամանած է նաեւ Հալէպի քաղաքապետ ՝ Հիւսէյն  Տիապ մօտէն ծանօթանալու համար ընդհանուր իրավիճակին։

 Յիշեցնենք, որ այս առաջին անգամը չէ, որ Հալէպի մէջ նման դէպքեր կը գրանցուին,   եւ  փլուզուած  շէնքերուն մեծ տոկոսը  Հալէպը հարուածած աղէտալի պատերազմն է։