image

ՀՕՄ-ակաները Նուէրներ Կ'ուղղարկեն Սահմանը Պահպանող Հայ Զինուորին

ՀՕՄ-ակաները  Նուէրներ Կ'ուղղարկեն Սահմանը Պահպանող Հայ Զինուորին

 Հայ Օգնութեան Միութեան  անդամուհիներ      ամանորեայ նուէրներ պատրաստած են   սահմանը պահպանող հայ զինուորներուն համար: Այս մասին վերահասու  կ'ըլլանք ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան      Ֆէյսպուքեան էջէն:  Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ   տօնական օրերուն նախաշեմին հայ զինուորներուն համար պատրաստուած նուէրներու փաթեթները սահմանային շրջաններ պիտի հասնին «Երկիր Մէտիա» հեռուստակայանի լրագրողներուն ձեռամբ, որոնք այս օրերուն     դէպի  սահմանային շրջաններ լրագրողական շրջայց պիտի կատարեն:   Կը նշուի նաեւ, որ  այս   գովելի արարքը   պիտի սփռուի «Երկիր Մէտիա»ի եթերով,  յառաջիկայ  31   Դեկտեմբերի  երեկոյեան սփռուող  հաղորդումներու ընթացքին: