image

ՀՀ Սփիւռքի յանձնակատար՝ Զարեհ Սինանեան ընդունուած է Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ

ՀՀ Սփիւռքի յանձնակատար՝ Զարեհ Սինանեան ընդունուած է Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ

Գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան Լիբանանի մէջ հանդիպումներ ունեցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա-ի, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահի տեղապահ Վերապատուելի Փօլ Հայտոսթեանի եւ Հայ Կաթողիկէ կաթողիկոս-պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ հետ:

Այս մասին յայտնած են Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակէն։

Քննարկուած են հայ համայնքի հոգեւոր-կրթական, ընկերային-տնտեսական դրութեան, hայրենիքի ներքին ու արտաքին հարցերուն վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ։