ՀՀ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան հանդիպած է Իրանի Գերագոյն առաջնորդի խորհրդական, Արտաքին յարաբերութիւններու ռազմավարական խորհուրդի ղեկավար Քամալ Խարազիի հետ: Այս մասին յայտնած են անվտանգութեան խորհուրդի գրասենեակէն։
Գրիգորեան նշած է, որ տարածաշրջանի հաղորդակցային ուղիներու ապաշրջափակումը տեղի պիտի ունենայ պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան, սահմաններու անքակտելիութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքներու լիակատար յարգման ծիրերէն ներս:
Խարազի ողջունած է խաղաղութեան հաստատումն ու տարածաշրջանային ուղիներու ապաշրջափակումը` վերահաստատելով ՀՀ տարածքային ամբողջականութեան ու ինքնիշխանութեան վերաբերեալ Իրանի սկզբունքային դիրքորոշումը:
Զրուցակիցներն անդրադարձած են նաեւ Հայաստան-Իրան երկկողմանի օրակարգին, ընդգծած ընթացիկ եւ նախանշուած ծրագիրներու շուտափոյթ իրականացման անհրաժեշտութիւնը: