Հայրենի հանրայայտ երգիչ՝ Հայկոյի առողջական վիճակը ծանր է։
Այս մասին տեղեկութիւնը ստացանք Հայաստանեան լրասփիւռներէ։
Աղբիւրները կը հաղորդեն, որ Հայկոն ծանր ախտորոշմամբ փոխադրուած է հիւանդանոց ստանալու համար համապատասխան բուժում։
Այլ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուիր, կը նշուի սակայն, որ անոր այցի գացած է ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանը։
Շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթենք սիրուած երգիչին։