«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ գանատահայ գործարար, հանքարդիւնաբերութեան մասնագէտ եւ նոյն ոլորտին մէջ տարբեր նախաձեռնութիւններով հանդէս եկած գանատահայ մեր հայրենակից Սրապ (Թէրէնս) Օրցլան
Ի՞նչ պայմաններու տակ առընչուեցաք հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին հետ։ Ինչպէ՞ս մտաք այդ ասպարէզէն ներս։
Հանքային ճարտարագիտութիւն (geophysics) ուսանած եմ Գանատայի մէջ։ 1550-ին, Ճիորճիուս Ակրիքոլան հանքերու մասին առաջին գիրքը տպած է, որ կը կոչուէր՝ «De Ra Metallica»։ Այդ հատորը հանքի «աւետարան»ն է։ Հանքին օրէնքները դարերու ընթացքին երբեք չեն փոխուած։ Գիտենք, որ քաղաքակրթութեան զարգացումը դասաւորուած է ըստ յայտնաբերուած հանքային նիւթերու՝ աղբիւրներու, ինչպէս՝ Քարէ դար, Պրոնզէ դար, Երկաթէ դար, եւայլն։ Հայրս ալումինումի գործի մէջ էր։ Ալումինումը (պաղլեղածինը) հանք չէ, այլ զտուած մետաղ է։ Մանկութենէս հետաքրքրուած եմ մետաղներով, ինչպէս նաեւ հանքերու պատմութեամբ։ Հանքի գիտութիւնը քիմիաբանութեան եւ բնագիտութեան միաձուլումն Է։
Հանքարդիւնաբերութիւնը չունի քաղաքական սահմաններ, բայց քաղաքական սահմաններ կը ստեղծէ, նայած, թէ երկրի մը հարստութեան տեսլականը ի՛նչ է։
Իմ թէզս «հանքային օրէնսգիտութեան» մասին է՝ mineral policy։ Իւրաքանչիւր երկրի մէջ, երբ հանքի օգտագործման աշխատանքը կը սկսի, մինչեւ այդ աշխատանքի աւարտը, որոշ օրէնքներ պէտք է կիրառուին, որպէսզի այդ հանքին կեանքը երկարի։ Ամէնէն կարեւորը հանքին քանակը չէ, այլ հոն գտնուած նիւթերու խտութիւնը՝ քանի՞ տոկոս պղինձ, կամ քանի՞ տոկոս երկաթ կայ երկրին մէջ։ Գալով Հայաստանի մէջ իմ հետաքրքրութիւններուս, ապա ըսեմ, որ Զանգեզուրի հանքը մեծ հանք մըն է, սակայն գերհարուստ հանք չէ։ Հոն առաւելաբար կայ մոլիփթէն եւ պղինձ։ Մոլիփթէնը կարեւոր մետաղ է, որ կը գործածուի խողովակներ սարքելու մէջ։ Անոր համաշխարհային գինը սկսած է աճիլ։ Գալով պղինձին, ապա ան ապագայի «ոսկի»ն է, քանի որ աշխարհը կ՚երթայ դէպի ելեկտրական համակարգի օգտագործում։
Ուրեմն ձեր կարծիքով, պղինձը պիտի կարեւորուի՞, քանի որ աշխարհը կ՚ուղուի դէպի ելեկտրական համակարգ: Եւ կարծես, թէ աշխարհը կ՚ուզէ ձերբազատուի՞լ նաւթէն։
Այո՛, ճիշդ այդպէս։
Ինչքանո՞վ ծանօթ էք Հայաստանի հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին, որ Հայաստանի տնտեսութեան մայր երակներէն մին կը համարուի։
Հարցը ան է, որ մենք հայերս ի՞նչ գիտենք մեր հանքերուն մասին։ Հանքը տնտեսութեան մէջ բարդ հատուած մը չէ, բայց զայն պէտք է կարենաս յայտնաբերել։ Երկրորդ՝ հանքը չես կրնար փոխադրել, ուր որ է տեղը՝ հոն կը կատարուի աշխատանքը։ Ան նաեւ իր դժուարութիւնները ունի՝ ճանապարհներ կ՚ուզէ, ելեկտրական ուժ կ՚ուզէ, աշխատաւոր կ՚ուզէ եւ աշխատանքը սկսելու համար մեծ դրամագլուխ կ՚ուզէ։ Աշխարհի հիմնաղբիւրներու առաջին խումբին մաս կը կազմեն՝ ջուրը, անտառները հանքարդիւնաբերութիւնը, նաւթը, երկրագործութիւնը եւ ձկնաբուծութիւնը։ Բոլոր տնտեսութիւններն ալ պէտք ունին առաջնային հատուածին, քանի որ ան կայունութիւն կ՚ապահովէ։ Հայաստանի հարաւը գտնուող ճանապարհներու ցանցերը կը կարեւորուին մասնաւորապէս Զանգեզուրի ու Մեղրիի հանքերու գոյութեամբ։ Մինչ այդ Զանգեզուրի եւ Կապանի մօտ, դէպի Նախիջեւանի սահմանը հանրային մեծ պարտէզ մըն ալ կայ, որուն մասին քիչերը գիտեն։ Որպէսզի Հայաստանի տնտեսութիւնը զարգանայ Հայաստանը պէտք ունի իր ունեցած առաջնային նիւթերը գտնելու, արտահանելու եւ օգտագործելու։ Բոլոր երկիրները սպասարկութեան եւ զբօսաշրջութեան ոլորտի մէջ մտած են, սակայն ասոնք եզրային՝ միջին տնտեսութեան (marginal economy) մաս կը կազմեն, այսինքն՝ միջին շահ կ՚ապահովեն, թէեւ աշխատանք կը ստեղծեն, սակայն եթէ երկրին մէջ որեւէ անկայունիւթիւն պատահի, միջին տնտեսութիւնները արագ կը տապալին, մինչ առաջնայինները կը մնան կայուն՝ հաստատ։
Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող հանքային հարստութեան քանակը՝ չափը տակաւին չենք գիտեր։ Հանքային հարստութիւնը երկրին կայունութիւն տալով, ան նաեւ կ՚ապահովէ անոր ազգային անվտանգութիւնը, կ՚ամրապնդէ արտաքին աշխարհին հետ կապը։ Հանքերը երկար կեանք ունին։ Կառավարութիւն մը, որ պիտի գործէ չորս կամ հինգ տարուան համար, պէտք է շատ աւելի երկար ժամանակահատուածի ծրագիրներ մշակէ իր երկրին մէջ գտնուող հանքերուն համար։ Եթէ հանք մը յիսուն տարուան կեանք ունի, մշակուած ծրագիրը պէտք է յիսուն տարուայ ծրագիր ունենայ, որպէսզի ժողովուրդը երկար օգտուի անկէ։ Երկրի մը հանքերը կը պատկանին այդ երկրի ժողովուրդին։ Պետութիւնը պէտք է լաւ մասնագէտ, համապատասխան արժէքներով եւ որակով գործընկերներ գտնէ այդ հանքերը կառավարելու համար։ Հանքերու արտահանման համար կարեւոր է աշխատաւորական ուժը, որ ընդհանրապէս բաղկացած կ՚ըլլայ տեղի բնակիչներէն, հետեւաբար հանք ունեցող շրջանին մէջ բնակչութիւն պէտք է ըլլայ։
Ուրեմն կրնա՞նք ըսել, որ եթէ լաւ որակով հանքեր ունենանք, զարգացած երկիր կ՚ունենանք։ Այսինքն ժողովուրդը պէտք չունի հանքերէն «վախնալու», այլ պէտք է պահանջէ, որ լաւ արժէքով՝ որակով հանքերը ճիշդ ձեւով օգտագործուին, որպէսզի ժողովուրդը օգտուի անոնցմէ։
Ինծի համար, հանքը դպրոցի կը նմանի։ Լաւ դպրոցը լաւ ուսուցիչներ կ՚ունենայ, բայց աշակերտները, մեծ հաշուով նոյնն են գրեթէ բոլոր դպրոցներուն մէջ։ Հանքն ալ եթէ լաւ գործընկերութեամբ աշխատացուի, կազմակերպուի, շատ աւելի նուազ հարցեր կ՚ըլլան։ Ամէն գործի մէջ դժուարութիւն կայ։ Եթէ հանք մը պիտի փորես կամ արտահանես, կրնայ տեղւոյն բնակչութիւնը ոտքի ելլել, բողոքել եւ մերժել։ Այդ պատճառով հանքերու վերաբերեալ միջազգային օրէնքներ կան։ Օրինակ եթէ հանքի մը կարեւոր նիւթերու տոկոսը քիչ է, այդ հանքը պէտք չկայ փորելու, քանի որ շահը մեծ չէ։ Երկար կեանք ունեցող հանքեր պէտք է գտնել եւ զանոնք արտահանել։ Հայաստանի մէջ պէտք է յստակ օրէնք մշակուի եւ շեշտը պէտք է դրուի երկարաշունչ աշխատանքի ժամանակահատուածի մը վրայ։
Վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ շատ խօսուեցաւ հանքերուն մասին, բողոքներ բարձրացան Թեղուտի համար, ապա Ամուլսարի համար։ Ձեր կարծիքով, հանքագործները ի՞նչ պէտք է ընեն, որ քաղաքացիները, մանաւանդ՝ քաղաքացիական, բնապահպանական հասարակութեան անդամները հասկնան, որ այս հանքագործութիւնը երկիրը ծաղկեցնելու ներուժ ունի։ Ասիկա բան մըն է, որ միայն մեզի չի վերաբերիր։ Աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ հանքարդիւնաբերութիւնը երկրի ֆինանսին մէջ կարեւոր տոկոս մը ունի։ Ի վերջոյ ինչպէ՞ս կարելի է «ոսկեայ միջին» մը գտնել։
Ձեր ըսած «ոսկեայ միջին»ը չկայ, կամ ձախ կամ աջ։ Ժողովուրդին անգիտութիւնը ամէն տեղ կայ։ Հանքերուն մօտերը գտնուող քաղաքներուն մէջ անգամ կայ։ Եթէ օրինակ առնենք Չիլէն, որ անապատային շրջանի մէջ ունի հսկայ պղինձի հանքեր, որոնց օգտագործման համար կարիքը կայ ջուրի մեծ քանակութեան։ Չիլէցիք ծովուն ջուրը կ՚առնեն եւ քաղցր ջուրի վերածելով կ՚օգտագործեն այդ հանքերը ջրելու համար։ Ըսել կ՚ուզեմ, թէ ամէն բանի լուծումը կայ։ Չիլիէին տնտեսութիւնը
70-ականներուն ծանր վիճակի մէջ էր։ Անոնք որոշեցին այդ հանքերը օգտագործել եւ բարելաւելով իրենց տնտեսութիւնը, զարգացուցին նաեւ տնտեսութեան այլ բաժիններ, օրինակ՝ գինեգործութիւնը, հողագործութիւնը, ձկնաբուծութիւնը։ Այս բոլորը զարգացան հանքերու օգտագործման շնորհիւ։
Այս ոլորտին մէջ եւ յատկապէս Հայաստանի մէջ ձեռնարկութիւն մը, կամ դասախօսութիւն մը ներկայացուցած է՞ք։
Գալիք սեպտեմբերին Հայաստանի մէջ ժողով մը պիտի կազմակերպենք։ Ժողովին թեման է՝ «Հայկական հանքերն ու մետաղները. հնարաւորութիւններ քաղաքական տնտեսութեան մէջ», “The Armenian mines and metals։ opportunities in the political economy”: Պատկերաւոր ասած «Աշխարհը հոս պիտի բերենք» եւ բանանք Հայաստանի դռները։ Դրամական՝ առեւտրային եւ հանքային գրագիտութեան պակասը կայ, ոչ միայն Հայաստանի մէջ, այլ նաեւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ։ Ժողովուրդը պէտք է գիտնայ, որ հանքը իր թշնամին չէ, այլ ընդհակառակը՝ իր ընկերն է։ Հանքեր կան, որոնց պարունակութիւնը՝ մետաղները, ժամանակի ընթացքին իրենց արժէքը կրնան կորսնցնել։ Այդ հանքերը արագ պէտք է դուրս բերել։ Կան մետաղներ, օրինակ պղինձը, որ որոշ ժամանակ ետք կրնայ վերամշակուիլ ու դարձեալ օգտագործուիլ։ Այս բոլորին մասին ժողովուրդը պէտք է գիտնայ։
Միջազգային չափանիշներ կա՞ն, որոնցմով կրնայ Հայաստանը առաջնորդուիլ, որպէսզի երկիրը չտուժէ։
Այո անշուշտ, այսօր ամէն բան շատ թափանցիկ է։ Առաջ շատ բաներ գաղտնի էին, բայց հիմա ամէն տեղեկութիւն կրնաս գտնել համացանցի մէջ փնտռելով։
Սփիւռքահայերը ինչքանո՞վ այս թեմայով կրնան հետաքրքրուիլ, զբաղիլ, կամ նոյնիսկ դրամագլուխ դնել։
Սփիւռքի մէջ այս ոլորտին մէջ մեծ թիւով մասնագէտներ կան՝ ճարտարագէտներ, օրէնսգէտներ, եւայլն։ Արդէն խումբ մը կազմուած է, բոլորն ալ անհամբեր են։ Սեպտեմբերի ժողովին ի մի պիտի բերենք թեմաները եւ կարգ մը որոշումներ պիտի կայացնենք։ Անշուշտ գալիք ժողովին ամէնէն առաջնային օրակարգը «Հանքերու խորհուրդ» մը՝ Chamber of mines մը ստեղծելն է, որ կարելիութիւնը պիտի ունենայ բոլոր առումներով նոր որակի աշխատանքներ իրականացնել։
Պետական համակարգը՝ իշխանութիւնները համաձա՞յն են ձեր այս առաջարկին։ Անոնք համաձա՞յն են, որ Հայաստանի մէջ «Հանքերու խորհուրդ» մը՝ Chamber of mines-ը ստեղծուի, թէ՞ տակաւին իրենց համար յստակ չէ այդ մէկը։
Շատ են այն երկիրները, որոնք պետական մակարդակով մասնագէտներ չունին, բայց անոնք տարբեր մասնագէտներէ բաղկացած ընկերութիւններու հետ կ՚աշխատին, որպէսզի գործը յաջողցնեն։ Chamber of mines-ի անդամները այս հարցը պիտի քննարկեն պետական ներկայացուցիչներու հետ։ Այս մէկը ինծի համար նոր փորձառութիւն մը չէ։ Այսպիսի գործունէութիւն տարբեր երկիրներու մէջ կազմակերպած եմ։
Եթէ հակիրճ կերպով տեսակէտ մը տաք, թէ Հայաստանը հանքարդիւնաբերութեան համաշխարհային ոլորտին մէջ ի՛նչ մակարդակի կը գտնուի, ապա ի՞նչ կրնաք ըսել։
Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան շատ աւելի բան գիտեն մեր հանքերուն մասին եւ ուսումնասիրած են, քան մենք ինքներս գիտենք։ Արբանեակներով շատ բան կարելի է նկարել։ Նոյնիսկ առանց անոր, կան սարքեր, որոնք կը հաշուեն հողին տակ եղած հանքերուն քանակը։ Եթէ Զանգեզուրի ու Կապանի հարստութիւնը վերցնէք, Հայաստանի մէջ միայն զբօսաշրջութիւնը կը մնայ։
Հարցազրոյցը՝ Սագօ Արեանի