image

Հայաստանը հաստատեց մասնակցութիւնը Պրիւքսէլի ժողովին

Հայաստանը հաստատեց մասնակցութիւնը Պրիւքսէլի ժողովին

Հայաստանը համաձայնած է մասնակցիլ 15 Դեկտեմբերին Պրիւքսէլի մէջ Երեւան-Պաքու բարձր մակարդակով գագաթաժողովին: Այս մասին յայտնած է ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ՝ Վահան Յունանեանը:

19 Նոյեմբերին, Եւրոպական Միութիւնը հաղորդագրութիւն տարածած էր, ուր նշուած էր, որ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ՝ Շարլ Միշէլ 19 Նոյեմբերին հեռախօսազրոյց ունեցած է Հայաստանի վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւի հետ շարունակելու այս շաբաթ աւելի վաղ տեղի ունեցած քննարկումները տարածաշրջանի մէջ տիրող իրավիճակի եւ Արեւելեան գործընկերութեան գագաթաժողովի նախապատրաստման շրջածիրէն ներս, որ տեղի պիտի ունենայ Պրիւքսէլի մէջ, 15 Դեկտեմբերին:

«Նախագահ Շարլ Միշէլ առաջարկած է ընդունիլ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը՝ Պրիւքսէլի մէջ Արեւելեան գործընկերութեան գագաթաժողովի ծիրէն ներս հանդիպելու համար: Առաջնորդները համաձայնած են հանդիպիլ Պրիւքսէլի մէջ քննարկելու համար տարածաշրջանի մէջ տիրող իրավիճակը եւ լարուածութիւնը յաղթահարելու ուղիները յանուն կայուն եւ բարգաւաճ Հարաւային Կովկասի, որուն կ'աջակցի ԵՄ-ն», ըսուած է  յայտարարութեան մէջ։

Կը նշուի, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները պայմանաւորուած են պաշտպանութեան նախարարներու մակարդակով ուղիղ կապ ստեղծել՝ որպէս միջադէպերու կանխման մեքենականութիւն։

Պրիւքսէլի մէջ նախատեսուած գագաթաժողովին մասնակցութիւնը հաստատած է նաեւ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը: