2022-ի 13 յունիսէն 8 յուլիսը Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած է ՄԱԿ Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 50-րդ նստաշրջանը:
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ նստաշրջանի երկխօսութիւնները եւ խմբակային քննարկումները կեդրոնացած էին Խորհուրդի օրակարգի այնպիսի առանցքային հարցերու շուրջ, ինչպիսիք են կանանց եւ աղջիկներու իրաւունքները, խօսքի եւ հաւաքներու ազատութեան վերաբերեալ հարցերը, ներքին տեղահանուած անձանց եւ գաղթականներու իրաւունքներու խնդիրները, կլիմայի փոփոխութեամբ պայմանաւորուած մարդու իրաւունքներու խախտումներու բացառումը, COVID-19 համավարակէն վերականգնումն ու մարդոց առողջութեան իրաւունքի պաշտպանութիւնը: Մարդու իրաւունքներու խորհուրդը անդրադարձած է նաեւ կրթութեան իրաւունքին, թրաֆիքինկի եւ արտադատական մահապատիժներու դէմ պայքարի հարցերուն, առանձին երկիրներու մէջ մարդու իրաւունքներու իրավիճակներուն:
Որպէս Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի փոխնախագահ՝ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ, դեսպան Անդրանիկ Յովհաննիսեանը նախագահած է նստաշրջանի շարք մը հանդիպումներ, ինչպէս նաեւ մասնակցած է ՄԻԽ բիւրոյի շրջածիրէն ներս կազմակերպչական ու գործառնական հարցերու շուրջ որոշումներու քննարկման, կայացմանն ու իրագործման։
ՀՀ պատուիրակութիւնը նստաշրջանի ընթացքին հանդէս եկած է 35 հիմնական եւ պատասխան ելոյթներով, այդ շրքին՝ բանաձեւերու ընդունման ընթացքին 4 ընդհանուր մեկնաբանութիւններով եւ 1 քուէի բացատրութեամբ:
Հայաստանի Մշտական ներկայացուցչութիւնն իր ելոյթներուն մէջ անդրադարձած է Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի նստաշրջանին ընդգրկուած բովանդակային հարցերու մեծ մասին: Ներկայացուծ են նաեւ մարդու իրաւունքներու ոլորտին մէջ Հայաստանի առաջնահերթութիւնները, ՀՀ պատրաստակամութիւնն ու նուիրուածութիւնը ժողովրդավարական արժէքներուն եւ վերջիններուս զարգացման։ Շեշտուած է, որ հաւատարիմ մնալով իր կողմէ ստանձնուած գերակայութիւններուն՝ Հայաստանը, որպէս Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի անդամ, կը շարունակէ նպաստել ցեղասպանութեան եւ այլ զանգուածային ոճրագործութիւններու կանխարգելման՝ ազգային եւ միջազգային մեքենականութիւններու ամրապնդման միջոցով:
Նստաշրջանի ընթացքին ՀՀ պատուիրակութեան կողմէ մանրամասն անդրադարձներ կատարուած են Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի եւ Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններու մէջ մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպիտ խախտումներուն եւ պատերազմական յանցագործութիւններուն: Ներկայացուած են Ատրպէյճանի կողմէ իրագործուած արտադատական մահապատիժներու, անհետ կորածներու, ռազմագերիներու, մշակութային ու կրօնական յուշարձաններու ոչնչացման ու աւիրման դէպքերը, մարդասիրական գործունէութիւն իրականացնող միջազգային կազմակերպութիւններու ելումուտի արգելափակումը։ Շեշտուած է, որ Ատրպէյճանը կ'անտեսէ միջազգային դատական ատեաններու որոշումները, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ մարդու իրաւունքներու յատուկ ընթացակարգերու յստակ հարցադրումները։
Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 50-րդ նստաշրջանին Հայաստանը համահեղինակած է կարգ մը կարեւոր բանաձեւեր՝ այդ շարքին դատաւորներու եւ իրաւաբաններու անկախութեան եւ անկողմնակալութեան, ներքին տեղահանուած անձանց մարդու իրաւունքներու հարցերով յատուկ զեկուցողի մանտաթի, մարդկային կորուստներու արձանագրման, աղջիկներու եւ կանանց նկատմամբ բռնութեան դէմ հարցերով յատուկ զեկուցողի մանտաթի, մարդու իրաւունքներու եւ կլիմայի փոփոխութեան, կարծիքի եւ արտայայտուելու ազատութեան իրաւունքի, մարդու իրաւունքներու եւ քաղաքացիական անձանց կողմէ հրազէնի ձեռք բերման ու օգտագործման, խաղաղ հաւաքներու վերաբերեալ բանաձեւերը:
Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 50-րդ նստաշրջանի ընթացքին Հայաստանը միացած է վեց համատեղ յայտարարութեան։ Հայաստանը նաեւ, որպէս Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի պաշտօնական փաստաթուղթ, շրջանառած է չորս յայտագիր, որոնք հիմնական կը վերաբերէին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին: Անոնցմէ մէկը կ'անդրադառնար Մարաղայի մէջ հայերու կոտորածի 30-ամեակի ոգեկոչման:
Հայաստանի Մշտական ներկայացուցչութիւնը մասնակցած է նաեւ Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 50-րդ նստաշրջանի շրջածիրէն ներս կազմակերպուած մշակութային միջոցառման, ուր ՄԱԿ անդամ երկիրները ներկայացուցած են իրենց ազգային սովորութիւններն ու խոհանոցը: