Հայաստանի Հանրապետութեան ողջ տարածքով այսօր «Լռութեան օր» է: Նշենք, 6 Դեկտեմբերին երկրին մէջ տեղի պիտի ունենայ առաջադրուած սահմանադրական բարեփոխումներուն համար նախատեսուած համապետական հանրաքուէ: Առաւօտեան ժամը 8:00էն մինեւ երեկոյեան ժամը 20:00-ը քաղաքացիները «Այո» կամ «Ոչ» քուէարկելով պիտի մասնակցին հանրաքուէին: