image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստան ժամանեց Հնդկաստանի Արտաքին Գործոց նախարարը

Հայաստան ժամանեց Հնդկաստանի Արտաքին Գործոց նախարարը

Հայաստան ժամանած է Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Սուպրամանյամ Ճայշանքարը: Օդակայանին մէջ զայն դիմաւորած է է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը:

Նշենք, որ աւանդական դարաւոր բարեկամութեան վրայ հիմնուած հայ-հնդկական յարաբերութիւնները եւ բազմոլորտ համագործակցութիւնը ամխուժօրէն կը զարգանան, եւ կան համապատասխան հիմքեր՝ փոխշահաւէտ եւ ընդհանուր մօտեցումներու վրայ հիմնուած փոխգործակցութեան աւելի յառաջմղման համար:

Երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ հաստատուած է քաղաքական խորհրդակցութիւններու արդիւնաւէտ շարունակական փորձ։ Կը գործէ նաեւ հայ-հնդկական միջկառավարական յանձնաժողովը։

Հայաստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ առկայ է քաղաքական երկխօսութեան եւ բարձր մակարդակի շփումներու եւ փոխայցելութիւններու արդիւնաւէտ փորձ։

Հնդկաստանը կը հանդիսանայ «Հիւսիս-հարաւ միջազգային միջանցք» (International North-South Corridor (INSTC)) Համաձայնագրի երեք հիմնադիր երկիրներէն մէկը (Իրան, Ռուսիա, Հնդկաստան), որուն նպատակն է բարելաւել եւ զարգացնել անդամ-պետութիւններուն միջև իրականացուող փոխադրումները: Հայաստանը նշեալ միջկառավարական Համաձայնագրին միացած է 2006-ին: