image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստան պէտք է իր յարաբերութիւնները կարգաւորէ Թուրքիոյ հետ. Արմէն Գրիգորեան

Հայաստան պէտք է իր յարաբերութիւնները կարգաւորէ Թուրքիոյ հետ. Արմէն Գրիգորեան

Տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան դարաշրջան սկսելու շրջանակներուն մէջ Հայաստանը պէտք է կարգաւորէ յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ։ Այս մասին այսօր ըսաւ ՀՀ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան։

«Այդ կարգաւորումը պէտք է լինի աստիճանական, եւ մենք համոզուած ենք, որ այդ յարաբերութիւնների կարգաւորման հնարաւորութիւններից մէկը նաեւ բարձր ու բարձրագոյն մակարդակում երկխօսութիւն ունենալն է», ըսաւ Գրիգորեան՝ յիշեցնելով, որ Հայաստանը բազմիցս յայտարարած է, որ պատրաստ է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման։

Անոր խօսքով` Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը պէտք է ըլլայ առանց նախապայմաններու եւ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններէն տարանջատուած։

Իսկ ԼՂ խնդիրի կարգաւորման միակ հարթակը, ըստ անոր, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբն է։