image

Հայաստան կը վերադառնայ 2 գերեվարուած քաղաքային

Հայաստան կը վերադառնայ 2 գերեվարուած քաղաքային

ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ Ատրպէյճանը Նոյեմբեր 26-ին Հայաստանին փոխանցած է գերեվարուած երկու քաղաքային. Միհրան Էռնեսթի Մուսայէլեանը (2000-ի ծնունդ) եւ Արէն Ժիրայրի Արամեանը (1993-ի ծնունդ):

Ըստ տուեալներու, Արէն Արամեանը գերեվարուած էր Նոյեմբեր 16-ի մարտերուն ժամանակ, իսկ Միհրան Մուսայէլեանը, ըստ ատրպէյճանական կողմի տուեալներուն, շեղելով ճանապարհէն՝ յայտնուած էր ատրպէյճանցի զինուորներու վերահսկողութեան տարածքին մէջ:

Պաքուն կը նշէ, որ զինուոր Արամեանը Ատրպէյճանի մէջ բուժում ստացած է՝ չհաղորդելով մանրամասներ:

Մարտունիի շրջանի Աշան համայնքի բնակիչ Միհրան Մուսայէլեանի՝ ատրպէյճանական կողմին մէջ յայտնուելու մասին Ստեփանակերտը հաղորդած էր Նոյեմբեր 23-ին: