image

Հայ-թրքական յարաբերութիւնները Պլինքըն-Չաւուշօղլու քննարկումներու առանցքին

Հայ-թրքական յարաբերութիւնները Պլինքըն-Չաւուշօղլու քննարկումներու առանցքին

ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթոնի Պլինքըն եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու հեռախօսազրոյց ունեցած են, որու ընթացքին անդրադարձած են հայ-թրքական յարաբերութիւններուն: 

ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Պլինքընն ու Չաւուշօղլուն, ի թիւս այլ հարցերու, քննարկած են Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը քննարկելու համար Թուրքիայի կողմէ յատուկ ներկայացուցիչի նշանակումը:

Կը նշուի, որ երկու երկիրներու արտաքին գերատեսչութիւններու ղեկավարները քննարկած են երկկողմ համագործակցութիւնը խորացնելու հնարաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ որպէս ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցներ, փոխադարձ մտահոգութիւն ներկայացնող հարցեր: