Իրանի զինուած ուժերը Մերձաւոր Արեւելքի տարածաշրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի թիրախներու դէմ մեկնարկած են «Ճշմարիտ խոստում 4» գործողութեան 19-րդ ալիքը։ Այս մասին յայտնած է Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի հասարակայնութեան հետ կապերու ծառայութիւնը։
«Հզօր պայթումներով մեկնարկած է «Ճշմարիտ խոստում 4» գործողութեան 19-րդ ալիքը՝ հրթիռներու եւ ԱԹՍ-ներու կիրառմամբ իրագործուող համալիր գործողութեան տեսքով՝ ուղղուած ամերիկա-սիոնիստական թշնամիի դիրքերուն Իսրայէլի խորքը եւ տարածաշրջանին մէջ ամերիկեան ահաբեկչական ռազմակայաններուն»,-Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի հաղորդագրութիւնը մէջբերած է Իրանի պետական հեռուստառատիոընկերութիւնը: