Դեկտեմբեր 10-ին, ժամը 19:30-ի սահմաններուն, ՀՀ հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ, նախնական տուեալներով` համածառայակիցի կողմէ արձակուած կրակոցներէն մահացու հրազէնային վիրաւորում ստացած է ժամկէտային զինուոր, շարքային Սենիկ Աշոտի Արզումանեանը (2002-ի ծնունդ):
Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ զորակցութիւն կը յայտնէ զոհուած զինուորի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:
Եւս երկու զինուոր վիրաւոր են: Անոնց կեանքին վտանգ չի սպառնար:
Կ'ընթանայ քննութիւն` դէպքին հանգամանքները լիարժէք պարզելու համար: