image

«Համաս»-ը պատրաստ է «վերջնական» գործարքի

«Համաս»-ը պատրաստ է  «վերջնական» գործարքի

Պաղեստինեան «Համաս» շարժումը յայտարարած է, որ պատրաստ է ազատ արձակելու Կազայի հատուածին մէջ պահուող բոլոր պատանդները Իսրայէլի հետ համապարփակ գործարքի շրջածիրէն ներս, որ պէտք է ներառէ անկլաւին մէջ ռազմական գործողութիւններու ամբողջական դադրեցում: Համապատասխան յայտարարութիւնը հրապարակած են թելեկրամեան ալիքով։

««Համաս»-ը կը հաստատէ, որ պատրաստ է անցնելու համապարփակ գործարքի իրականացման, որու շրջածիրէն ներս ազատ պիտի արձակէ բոլոր պատանդները՝ պաղեստինցի բանտարկեալներու համաձայնեցուած քանակի դիմաց։

Այս համաձայնագիրը պէտք է ներառէ նաեւ Կազայի մէջ պատերազմի դադրեցումը եւ այնտեղէն իսրայէլցի զինուորականներու դուրս գալը»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Շարժումը նաեւ կը պնդէ, որ գործարքի կնքմամբ անկլաւի հետ սահմաններու բոլոր անցակէտերը վերսկսին իրենց աշխատանքը եւ սկսին ատոնց վերակառուցման աշխատանքները: