image

ՀԱՄԱՍ Կազայի մէջ կ՚օգտագործէ հիւսիսքորէական զէնք

ՀԱՄԱՍ Կազայի մէջ կ՚օգտագործէ հիւսիսքորէական զէնք

Հարաւային Քորէայի հետախուզական գործակալութիւնը երկուշաբթի՝ 8 յունուարին, յայտարարած է, որ պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ խմբաւորումը կ՚օգտագործէ Հիւսիսային Քորէայի արտադրութեան զէնքեր՝ Կազայի մէջ Իսրայէլի դէմ պայքարելու համար, ըսուած է հարաւքորէական Yonhap թերթի հրապարակման մէջ։

Սակայն Փհենիանը հերքած է իր մասնակցութիւնը իսրայէլացիներու վրայ յարձակումներուն:

Հարաւային Քորէայի ազգային հետախուզական ծառայութիւնը հաստատած է Միացեալ Նահանգներու պետական միջազգային հեռարձակողի («Ամերիկայի ձայնը») հրապարակումը, որուն մէջ ՀԱՄԱՍ-ի կողմէ օգտագործուած F-7 նռնականետի վրայ կայ քորերէն գրութիւն: