image

ՀԱՄԱՍ-ի զինեալները զանգուածաբար կը յանձնուին. Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար

ՀԱՄԱՍ-ի զինեալները զանգուածաբար կը յանձնուին. Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթը յայտարարած է ՀԱՄԱՍ խմբաւորման զինեալներու զանգուածային յանձնման մասին այն ընթացքին, երբ իսրայէլեան բանակը կը մաքրէ Կազայի հատուածի՝ զինեալներու կողմէ վերահսկուող տարածքները։

«ՀԱՄԱՍ-ի զինեալները զանգուածաբար կը յանձնուին, ներառեալ անոնք, որոնք մասնակցած են հոկտեմբեր 7-ի յարձակումներուն, մինչդեռ իսրայէլեան ուժերը կը սեղմեն օղակը Կազայի հատուածին մէջ՝ Ճապալիայի եւ Շեճայայի մէջ,  ՀԱՄԱՍ-ի վերջին յենակէտերու շուրջ»,-նախարարի խօսքերը մէջբերած է Yedioth Ahronoth լրատուականը:

«Արմատականները մօտ են ձախողման։ Յանձնուողներու թիւը շատ խօսուն է իրավիճակի մասին։ Դուրս գալով թաքստոցներէն՝ անոնք կը խոստովանին, որ զէնքի եւ սնունդի պակաս ունին», -ըսած է Կալանթը։

Աւելի վաղ ռազմական գերատեսչութեան ղեկավարը յայտնած էր, որ իսրայէլացի զինուորականները Կազայի հատուածին մէջ գործողութեան ընթացքին սպանած են ՀԱՄԱՍ-ի հետ կապուած զինուած կազմաւորումներու «հազարաւոր զինեալներ եւ հարիւրաւոր հրամանատարներ»։ Նաեւ, ըստ Կալանթի, Կազայի մէջ ոչնչացուած են ՀԱՄԱՍ-ի բազմաթիւ ենթակառուցուածքներ՝ «թունելներ, ռազմական ենթակառուցուածքներ, զինամթերքի պահեստներ»: Բացի այդ, զինուորականները հարիւրաւոր համակարգիչներ ձեռք բերած են, որոնցմէ հետախուզական տուեալներ հանած են, աւելցուցած է ան: