image

Համաձայնութեան միակ երաշխիքը երեք կողմերու մասնակցութեամբ կ'ըլլայ. Փեսքով

Համաձայնութեան միակ երաշխիքը երեք կողմերու մասնակցութեամբ կ'ըլլայ. Փեսքով

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալեւի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եռակողմ հանդիպման համար պէտք է բոլոր կողմերուն համաձայնութիւնը եւ բոլոր կողմերուն պատրաստակամութիւնը: Այս մասին յայտնած է է ՌԴ ղեկավարի խօսնակ Տմիթրի Փեսքովը:

«Անկասկած, ինչ-որ փուլի այդ շփումները անհրաժեշտ պիտի ըլլան, սակայն որպէսզի անոնք հնարաւոր դառնան, անհրաժեշտ է երեք կողմի համաձայնութիւնն ու պատրաստակամութիւնը», ըսած է Քրեմլինի ներկայացուցիչը:

Վերջինս յաւելած է, որ Մոսկուան հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող հակամարտութեան կողմերուն զսպուածութեան կոչ կ'ընէ եւ հանդէս կու գայ եռակողմ համաձայնութեան պահպանման օգտին:  

«Հայ-ատրպէյճանական սահմանին մարտական գործողութիւններու վերսկսումը իսկապէս այն է, ինչ երէկ լուրջ անհանգստութեան պատճառ դարձաւ, սակայն ռուսական կողմի միջնորդական ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղաւ հակամարտող կողմերը զսպուածութեան կանչել», ըսած է Փեսքովը:

«Ռուսական կողմը հետագային եւս պիտի շարունակէ ընել այդ: Մենք այնուամենայնիւ յոյս ունինք, որ իրավիճակի կայունացման միակ ճանապարհը եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու իրագործումն է», ընդգծած է Փեսքովը: