image

Գնացքներու ծանր արկած Յունաստանի մէջ.Կան տասնեակ զոհեր (Տեսանիւթ)

   Գնացքներու ծանր արկած Յունաստանի մէջ.Կան տասնեակ զոհեր (Տեսանիւթ)

Տասնեակ քաղաքացիներ զոհուած են, երբ գնացքի մեծ արկած մը տեղի ունեցած է Յունաստանի Լարիսա քաղաքին մերձ։

 Այս մասին լուր հաղորդող աղբիւրներ կը նշեն, որ արկածին հետեւանքով զոհուածներուն թիւը անցած է 35-ը եւ կան 100-է աւելի վիրաւորներ։

 

 Կը նշուի նաեւ, որ Աթէնէն դէպի Թեսաղոնիկէ քաղաք ուղղուող գնացքին մէջ կային ուղեւորներ։ 

 Արկածը պատահած է այն պահուն, երբ գնացքը բախած է բեռնատար այլ գնացքի մը, որուն հետեւանքով ալ իր հունէն դուրս եկած են 3 վակոններ։

 Յունաստանի ԱԻՆ մարմիններ քննութիւն բացած են եղածին շուրջ։