Տասնեակ քաղաքացիներ զոհուած են, երբ գնացքի մեծ արկած մը տեղի ունեցած է Յունաստանի Լարիսա քաղաքին մերձ։
Այս մասին լուր հաղորդող աղբիւրներ կը նշեն, որ արկածին հետեւանքով զոհուածներուն թիւը անցած է 35-ը եւ կան 100-է աւելի վիրաւորներ։
Կը նշուի նաեւ, որ Աթէնէն դէպի Թեսաղոնիկէ քաղաք ուղղուող գնացքին մէջ կային ուղեւորներ։
Արկածը պատահած է այն պահուն, երբ գնացքը բախած է բեռնատար այլ գնացքի մը, որուն հետեւանքով ալ իր հունէն դուրս եկած են 3 վակոններ։
Յունաստանի ԱԻՆ մարմիններ քննութիւն բացած են եղածին շուրջ։
Տասնեակ քաղաքացիներ զոհուած են, երբ գնացքի մեծ արկած մը տեղի ունեցած է Յունաստանի Լարիսա քաղաքին մերձ։ @arevelk1 pic.twitter.com/DriIRmLpUB
— arevelk.am (@arevelk1) March 1, 2023