Ղարաբաղի հայերը աւելի շատ կը վստահին Ռուսիոյ, քան մնացած բոլորին, եւ ո՛չ Երեւանը, ո՛չ Պաքուն կրնան այդ փոխել։ Այս մասին ըսած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի նախկին համանախագահ, դեսպան, Ռուսիոյ Դաշնութեան դիւանագիտական ծառայութեան վաստակաւոր աշխատող՝ Վլատիմիր Քազիմիրով։
Քազիմիրովի խօսքով, Լեռնային Ղարաբաղի ճակատագիրն աներեւակայելիօրէն բարդ եղաւ։ «Մասամբ ան արդէն Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ է։ Անոր մնացած մասը դեռ կը գտնուի Ռուսիոյ խաղաղապահներու հսկողութեան տակ։ Դեռ այնքան ալ պարզ չէ, թէ հետագային ինչպէս կը զարգանայ անոր ճակատագիրը։ Բայց Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան գրեթէ ճնշող մեծամասնութիւնը հայեր են։ Սա պէտք է հաշուի առնեն բոլոր անոնք, որոնք հրամանատար կ'ըլլան։ Փաշինեանի կառավարութեան ծրագիրներն այս առնչութեամբ ինծի համար լիովին պարզ չեն, չեմ գիտեր, թէ որքանով ճիշդ են այն վարկածները, որ դուք ներկայացուցած էք։ Ես միայն գիտեմ, որ ղարաբաղցիները աւելի շատ կը վստահին Ռուսիոյ, քան մնացած բոլորին։ Եւ այդ չեն կրնար փոխել ո՛չ Երեւանը, ո՛չ Պաքուն։ Եկէք սպասենք հնգամեայ ժամկէտի լրանալուն»,- ըսած է ան՝ պատասխանելով այն հարցին, թէ կա՞ն վտանգներ, որ Արցախը կրնայ յայտնուիլ Ատրպէյճանի կազմէն ներս՝ հաշուի առնելով Երեւանի յայտարարութիւնները, որ Արցախի հարցը կրնայ չյիշատակուիլ խաղաղութեան պայմանագրին մէջ։
Լուրը՝ NEWS.am-էն