image

Գանատա.Թորոնթոյի հայ կեդրոնի ընդլայնումի հիմնարկէքի արարողութիւն եւ հողօրհնէք

Գանատա.Թորոնթոյի հայ կեդրոնի ընդլայնումի հիմնարկէքի արարողութիւն եւ հողօրհնէք

Օրերս, Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանի շրջափակէն ներս տեղի ունեցած է Հայ կեդրոնի ընդարձակման (ACC Beyond) հիմնարկէքի արարողութիւն եւ հողօրհնէք, ներկայութեամբ՝ Գանատայի Հայոց Թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տէր Բաբգէն Արք. Չարեանի։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Գանատայի ՀՅԴ Օրկան՝ «Հորիզոն»էն։

Ստորեւ հրապակարակուած թղթակցութիւնը՝

Շաբաթ, 24 Մայիս 2025-ին, առաւօտեան ժամը 11։00ին, Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանի շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ Հայ կեդրոնի ընդարձակման (ACC Beyond) հիմնարկէքի արարողութիւն եւ հողօրհնէք։

Արարողութիւնը կը վայելէր ներկայութիւնը Գանատայի Հայոց Թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տէր Բաբգէն Արք. Չարեանի, Հոգշ. Տէր Յակոբ Վրդ. Եագուպեանի, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տէր Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտըմեանի եւ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Տաթեւ Ա. Քհն. Միքայէլեանի, Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ եւ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Զարեհ Ա. Քհն. Զարգարեանի, Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ պատուելի Զոհրապ Սարգիսեանի, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէ ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեանի, «Սողոմոն Թեհլիրեան» Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Գառնիկ Հասըրճեանի, Օնթարիոյի խորհրդարանի անդամ Արիս Պապիկեանի, Գանատայի խորհրդարանի նախկին խօսնակ` Տէյվիտ Ուորնըրի, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի յարակից եւ ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչներու, անդամներու, համակիրներու, ծնողներու եւ հայրենակիցներու:

ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանի շրջանաւարտներէն եւ Հայ կեդրոնի անդամներէն հանդիսավար Վարդի Մութաֆեան Գլըպօզեանի հրաւէրով սկիզբ առաւ արարողութիւնը, ուր դրօշակակիր սկաուտներու եւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբի հնչեղութեամբ նուագուեցան Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգները։

Հանդիսավարը բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ըսաւ. «Թորոնթոյի Հայ կեդրոնը իր հիմնադրութենէն` 1968-էն ի վեր եղած է հիմնաքարը հայ ազգի զաւակներուն եւ մեծ ներդրում ունեցած է անոնց կրթութեան, մշակոյթի պահպանումին եւ զարգացումին մէջ։ Թորոնթոհայ համայքը անցեալէն ցայսօր մեծ նուաճում արձանանգրած է, ուր ամէն մէկ նորակառոյց ծրագիր փաստն է աճող մեր կարիքներուն»։ Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց ընդլայլումին նպատակը, որ մեծ օգուտ եւ ծառայութիւն պիտի մատակարարէ երիտասարդութեան, հայ ընտանիքներուն եւ ապագայ նորահաս սերունդին։ Ան նաեւ երկտարուան մը ընթացքին երկարող ընդլայլման այս ծրագիրը ուղեւորութիւն կոչեց, որուն յաջողութեան պիտի նպաստեն համայնքի անդամները, նուիրատուները, կամաւորները եւ բարերարները։

Հանդիսութեան ընթացքին հանդէս եկաւ, «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Գառնիկ Հասըրճեան, որ ըսաւ. «Մեծ ուրախութեամբ եւ երախտագիտութեամբ կը կանգնիմ ձեր դիմաց, մեր սիրելի հայ երիտասարդական կեդրոնի կողքին նոր կառուցուելիք շէնքի հիմնարկէքի այս կարեւորագոյն պահուն: Ձեռնարկը կը զուգադիպի մայիսեան փառապանծ յաղթանակին՝ 28 Մայիսի անկիւնադարձային հանգրուանի տարեդարձին հետ, բայց այս զուգադիպութիւնը այդքան ալ պատահական չէ: Անցեալ դարու կէսերուն, աշխարհի տարբեր գաղութներէ Թորոնթօ հասած հայը քաջութիւնն ու գիտակցութիւնը ունեցաւ յստակ տեսիլք մը ունենալու։ Անոնք գիտակցեցան, որ ջարդուած ժողովուրդի մը զաւակները չեն, այլ` անկախութիւնը կերտող ժողովուրդի մը զաւակները»: Հասըրճեան յետադարձ ակնարկով մը ներկայացուց Հայ կեդրոնի հիմանդրութեան փուլերը՝ իր յարակից Ս. Աստուածածին Հայաստանեայց Առաք. եկեղեցիով, ՀՕՄ-ի վարժարանով եւ իր մանկամսուրով, մանկապարտէզով, նախակրթարանով եւ երկրորդական դասարաններով, ինչպէս նաեւ «Նոր Հայ Հորիզոն» հեռուստայայտագրով եւ «Թորոնթոհայ» ամսաթերթով։ Ան աչքի առաջ բերելով տարուէ տարի կեդրոնի ընդարձակման կարիքը։

Հասըրճեան մէջբերելով իր խօսքը հաստատեց, ըսելով. «2011-ին թորոնթոհայ գաղութը դարձեալ ունեցաւ վերանորոգուած ու ընդլայնուած շքեղ կեդրոն մը. հետաքրքրական է այն իրողութիւնը, որ 28 Մայիս 2011-ին բարեզարդուած Հայ կեդրոնի բացման օրը, շրջանիս հերթապահը իր խօսքին մէջ խոստացած էր, որ այս միայն սկիզբն էր Թորոնթոյի հայ կեդրոնի ծառայական դաշտի ընդարձակման։ Եւ ահա այսօր, 14 տարի ետք տրուած խոստումին իրագործումն ու ապագային մեր նուիրուածութեան վերահաստատումն է ընդլայլումի այս արարողութիւնը»: Ան իր խօսքի աւարտին շնորհակալական եւ երախտագիտական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք նիւթական եւ բարոյական աջակցութեամբ նեցուկ կը կանգնին հայ գաղութի բագաւաճման եւ ըսաւ. «Այսօր, երբ հիմը կը դնենք նորակառոյց շէնքի, եկէք նշենք ոչ միայն մեր կառյցներու ֆիզիքական ընդլայնումը, այլ նաեւ մեր համայնքային կապերու ամրապնդումը: Եկէ՛ք, բոլորս ակնկալենք ապագայ մը, ուր Հայ կեդրոնի ներկայի եւ նոր կառուցուելիք շէնքերու պատերը պիտի թնդան մանուկներու, պատանիներու եւ երեխաներու ձայներով, որպէսզի շարունակեն ըլլալ մշակոյթի, կրթութեան եւ միասնութեան փարոս։ Առ այդ միասին կը կառուցենք ոչ միայն շէնքեր, այլ`ժառանգութիւն, ուրեմն վերանորոգուած ուխտով եւ բազմապատկուած եռանդով միշտ դէպի յառաջ»։

Գեղարուեստական ելոյթներով հանդէս եկան ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանի «Արամ Խաչատուրեան» աշակերտական նուագախումբը, խմբավարութեամբ Սուրէն Ամիրխանեաի, ինչպէս նաեւ Համազգայինի «Էրեբունի» պարախումբը, ղեկավարութեամբ Նելլի Կարապետեանի։

Բեմ հրաւիրուեցաւ շինարարական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Մայք Գազարեան։ Ան սահիկներու միջոցով ներկայացուց ներկաներուն մինչեւ 2027 տեղի ունենալիք շինարարական աշխատանքային ծրագիրի մանրամասնութիւնները, որ կը կազմէ 17000 քլմ. տարածք, երկյարկանի բաժանմունքով, նեկայի շէնքի արեւելեան եւ հիւսիսային կողմերը։ Ան յայտնեհց, թէ շէնքը պիտի ընդգրկէ վարժանքի սրահներ, տարրալուծարան, խոհանոց, ճաշասրահներ եւ սրահներ, որոնք պիտի կառուցուին արդիականցուած միջոցներով եւ սարքաւորումներով։ Գազարեան յայնեց, թէ շինարարական յանձնախումբը կրցած է կապ հաստատել Gll ընկերութեան հետ, որ մեծ ներդրում պիտի ունենայ ամէնօրեայ շինարարական աշխատանքին եւ նիւթական ծրագրին հսկելու։ Ան տեղեկացուց, թէ ծրագրային աշխատանքները իրենց լրումին պիտի հասնին մինեւ Յունիս 2025, եւ շինարարական աշխատանքները պիտի սկսին Օգոստոս 2025-ին, որուն համար կանխատեսուած ժամանակամիջոցը պիտի ըլլայ 12-15 ամիս, հասնելով մինչեւ 2026-ի վերջերը։

Գազարեան եզրափակելով իր խօսքը ըսաւ. «Այս ընդլայլումը առաւել հանգստութիւն, անվտանգութիւն եւ ապահովութիւն պիտի պարգեւէ ապագայի սերունդին, եւ յանձնախումբիս անունով կը հաստատեմ, թէ ամէն աշխատանք ի գործ պիտի դնենք՝ յաջողութեան հասցնելու այս ծրագիրը»:

Հանգանակային արշաւի մանրամասնութիւնները փոխանցեց յանձնախումբի ատենապետ Ռազմիկ Թիթիզեան, որ նախ ողջունեց ներկաները ապա երախտագիտական խօսքով գնահատեց հանգանակային յանձնախուբի անդամները, որոնք հմուտ եւ մասնագիտական կարծիքներով առաջ կը տանին յանձնախումբի աշխատանքները։ Ան մանրամասնօրէն եւ սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց հանգանակային աշխատանքները։ Ան տեղեկացուց, թէ 2017-ին գանատահայ աշխոյժ ընկերներ, օգտուելով կառավարութեան կողմէ հիմնուած Investing in Canada Infrastructure Program-ի բարիքներէն ապահովեցին 3.15 միլիոն տոլար, դաշնակցային կառավարութիւնէն 1,720,400 տոլար իսկ նահանգայինէն 1,433,000 տոլար։

Թիթիզեան յայտնեց. «Այս բոլոր գումարները կրցանք ապահովել, որովհետեւ կառավարութիւնը սերտեց եւ հաւատք ունեցաւ այդ հզօր աշխատանքին, զոր պիտի կատարենք» եւ աւելցուց, որ տակաւին կարիքը կայ բարերարներու, որոնք կրնան իրենց մէկ լումայով օգտակար ըլլալ սոյն ծրագրին յաջողութեան։ Ան պատեհ առիթէն օգտուելով յայտարարեց, թէ փափաքողներ կրնան կատարել իրենց նիւթական հայթայթումը սեղաններու շուրջ կանգնած կամաւորերու երիտասարդներու մօտ կամ հետեւեալ կայքին accbeyond.com-ի միջոցաւ, կամ ուղղակիօրէն կապուելով յանձնախումբին հետ՝ contact@accbeyond.com հասցէով։

Արարողութեանց աւարտին, սրտի խօսքը փոխանցեց Գանատայի Հայոց Թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տէր Բաբգէն Արք. Չարեան բարձր գնահատելով հիմնադիր սերունդը, որոնք անցեալին արիութեամբ եւ ապագայի հանդէպ ունեցած տեսլականով, կրցան էին հիմնաքարը դնել նման կեդրոնի մը, որ ներկայիս պիտի ընդարձակուի ու պիտի ծաղկի։ Սրբազան Հայրը հիմնադիր սերունդի ննջեցեալներուն հոգիներուն խաղաղութիւն մաղթեց, իսկ գործող եւ ծառայող մարդկանց, որոնք նեցուկ են ներկայ նորահաս երիտասարդութեան` ուժ, կորով եւ առողջութիւն։ Ան գերգնահատեց նորահաս սերունդը, որոնք նոյն թափով, նուիրումով, ծառայութեամբ եւ ոգիով կը շարունակեն անցեալի սերունդին աշխատանքը եւ հիացմունքի ու գովասանքի խօսքեր ուղեց շինարարական եւ հանգանակային մասնագիտական զոյգ յանձնախումբերուն, որոնք որպէս հարազատ որդիներ այս կեդրոնին, եկած են օժանդակելու այս նուիրական աշխատանքին։ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց նուիրատուներուն եւ բարերարներուն, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց բոլորին, իրենց նիւթական աջակցութիւնը բերելով մաս կազմելու այս հայապահպանման ծրագրին։

Աւարտին, Սրբազան Հօր ներկայութեամբ, բեմ հրաւիրուեցան հոգեւոր հայրերը, ինչպէս նաեւ ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեանը, Կրթական մարմինի ատենապետ Վազրիկ Շարապխանեանը, Հայ կեդրոնի խնամակալ մարմինի ատենապետ Արտա Շահինեանը, ACC Beyond-ի ատենապետ Ռազմիկ Թիթիզեանը, շինարարական վերկահսկիչ յանձնախումբի ատենապետ Գրիգոր Շիթիլեանը, ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանի եւ ՀՅԴ «Քրիստափոր եւ Ռոստոմ» միութիւններու անդամներ՝ Արազ Քարշաֆեան եւ Անապէլ Աթամերը, ուր տեղի ունեցաւ հիմնարկէքի արարողութիւնն ու հողօրհնէքը, որ եզրափակուեցաւ Տէրունական աղօթքով։