image

Գամիշլի. Վիրաւորուած է «Սոթորո»ի անդամ ` Թովմաս Ժան Յակոբեանը

Գամիշլի. Վիրաւորուած է          «Սոթորո»ի  անդամ ` Թովմաս Ժան Յակոբեանը

Գամիշլիի մէջ զինեալներ բռնութիւն կիրառած  են  Թովմաս Ժան  Յակոբեանին հանդէպ:  Այս  մասին  գրած է  «Զալին  նյուզ»ը    հաւաստելով, որ  դէպքը  եղած է Գամիշլիի «Հայ ալ ուըսթա»  թաղամասին մէջ, որմէ ետք երիտասարդ հայորդին փոխադրուած է  հիւանդանոց:

Դէպքը  պատահած է քանի մը  օր  առաջ: «Արեւելք»    այս մասին տեղեկութիւն  ստանալու համար դիմեց Գամիշլիի   մարմիններուն, որոնց հաւաստմամբ  հայորդին կը շարունակէ մնալ հիւանդանոցի մէջ եւ   անոր վիճակը  կը գնահատուի  բաւարար:

Նշենք, որ     Թովմաս  Յակոբեան   անդամ է   շրջանին մէջ  գործող  ասորիներու «Սոթորո»   խմբաւորման, որ         ստանձնած է       Գամիշլիի   կարգ մը շրջաններու ապահովութիւնը:

«Զալին Նյուզ»  նոյնպէս կը փոխանցէ, որ  հայորդիին  դէմ բռնութիւն կատարողները    շրջանի  քրտական  «Ասայէշ»  զինեալ  խմբաւորման անդամներ են: