image

Գահիրէի մէջ. Տօքթ. Արմէն Մազլումեանի մասնակցութիւնը ՝ «Միասին դիմադրենք» խորագրեալ համաժողովին

 Գահիրէի մէջ. Տօքթ. Արմէն Մազլումեանի մասնակցութիւնը ՝ «Միասին դիմադրենք» խորագրեալ համաժողովին

 Գահիրէի մէջ. Տօքթ. Արմէն Մազլումեանի մասնակցութիւնը ՝ «Միասին դիմադրենք» խորագրեալ համաժողովին 

 Օրերս Գահիրէի մէջ տեղի ունեցաւ հանգամանաւոր համաժողով մը, որ կը կրէր՝ «Միասին դիմադրենք» ընդհանուր խորագիրը։ Եգիպտոսի ներ-ազգային միասնութիւնը աւելիով ամրապնդելու միտուած այս համաժողովին մասնակցութիւն բերած է նաեւ եգիպտահայ համայնքի յարգուած անձնաւորութիւններէն, Եգիպտոսի ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ Տօքթ. Արմէն Մազլումեանը։

 «Արեւելք» իր ընթերցողներուն քաղուածաբար եւ արաբերէնէ թարգմանելով կը ներկայացնէ այդ առթիւ պատրաստուած հակիրճ թղթակցութիւնը։

 

Ուրախութեամբ  մասնակցեցանք  «Երիտասարդութիւնը՝ գիտակցութեան զարգացման եւ ասէ-կոսէներու դիմակայութեան միջեւ» խորագիրը կրող համաժողովի միջոցառումներուն, որ տեղի ունեցաւ Եգիպտոսի վարչապետի բարձր հովանաւորութեամբ, եւ աջակցութեամբ՝ մարմնամարզի եւ երիտասարդութեան նախարարութեան եւ մտքի ու ռազմավարական հետազօտութեան կեդրոնին։ 

Երկրի ներկայ հանգրուանը կը պահանջէ, որ բոլորս ըլլանք չափազանց զգօն, արթուն եւ պատրաստ՝ Եգիպտոսի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ թաքնուած պատերազմներուն լոյսի ներքոյ, որոնք ուղղուած են անոր ազգային միասնականութեան դէմ։ Չարակամ խօսակցութիւնները կը կեդրոնանան քաղաքացիներուն՝ ազգային պետութեան նկատմամբ կասկածանքի եւ անվստահութեան վրայ, ինչպէս նաեւ պետութեան ազգային դերի խեղաթիւրման եւ չափազանցուած, ուռճացած եւ մասնատուած տեղեկութիւններու շուրջ։ 

 

 

 Կը նշուի նաեւ, որ այս համաժողովին մասնակցութիւն բերած են՝  Եգիպտոսի  մարմնամարզի եւ երիտասարդութեան նախարար՝ Դոկտ. Աշրաֆ Սոպհիի եւ Եգիպտոսի Միւֆթի՝ Դոկտ. Շաուքի Ալամի, ինչպէս նաեւ գնդապետ՝ Խալըտ Օքաշայի, որ ռազմավարական հետազօտութեան կեդրոնի գլախաւոր տնօրէնն է. Պրն. Քարամ Ժապըրի՝ լրատուամիջոցի կազմակերպման յանձնախումբի համընդհանուր տնօրէնին, Դոկտ. Ժամալ Ապտըլ Ժաուատի, գրող եւ լրագրող՝ Պրն. Ալաա Սապըթի, որ «Ահրամ» թերթի ընդհանուր խմբագիրն է. լրագրող՝ Դոկտ. Մոհամմատ Ալպազի, որ «Ալտասթուր» թերթի գլխաւոր տնօրէնն է. Դոկտ. Նուայմ Սաատ Զաղլուլի, որ կառավարութեան լրատուական կեդրոնի տնօրէնն է. Հայր Պութրոս Տանիէլի, Դոկտ. Ապտըլ Մընհէմ Սաիտի, որ մտքի ու ռազմավարական հետազօտութեան կեդրոնի խորհուրդի նախագահն ու ծերակոյտի անդամ է. գրող եւ լրագրող՝ Պրն. Ըզզաթ Ըպրահիմի, որ գլխաւոր խմբագիրն է «Ալահրամ Ուիքլի» թերթին եւ մարդկային իրաւանց յանձնախումբի գլխաւոր խօսնակն է. Դոկտ. Ամրօ Ալուարտանիի, որ Եգիպտոսի Տար Ալֆաթուայի գլխաւոր քարտուղարն է, եւ երեսփոխաններ՝ Մաժտի Մալաքի եւ Ամիրա Ալատըլի։