image

Գահիրէի մէջ. Օծումը կատարուած է Սուրբ Մինասի նկարին

 Գահիրէի մէջ. Օծումը կատարուած է Սուրբ Մինասի նկարին

Հանդիսապետութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աշոտ արք. Մնացականեանի օրերս Գահիրէի Հայց. Առաքելական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ՝ օծումը կատարուած է Սուրբ Մինասի նկարին։

 Ատոր մասին «Արեւելք» իմացաւ Թեմի դիմատետրեան էջէն։

 Ստորեւ  ներկայացուած հաղորդագրութիւնը։

Կիրակի, 19 Յունուար 2025-ին, Գահիրէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի, ձեռամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աշոտ Սրբազան Եպիսկոպոսի օծուեցաւ Ս. Մինասի սրբապատկերը։ Հեղինակը համայնքիս երիտասարդ եւ շնորհալի նկարչուհի Ռիթա Գէորգեանն է, որ սոյն պատկերը յատկապէս գծած է Ազգային գերեզմանատան Ս. Մինաս եկեղեցւոյ համար։

Սրբազան Հայրը օրհնութեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Ռիթային այս առիթով՝ մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ իր ստեղծագործական կեանքին մէջ։ Ան յատկապէս գնահատեց Ռիթայի բերած նուիրեալ ծառայութիւնը մեր եկեղեցիին, որ փոքր հասակէն անդամակցած է եկեղեցւոյ «Շնորհալի» երգչախումբին, եւ վերջին շրջանին նաեւ կը մեներգէ սրբազան արարողութիւններուն։