image

Ֆրանսայի քաղաքաշինութեան ծրագիրներու բարձր պատուիրակութեան մը այցելութիւնը՝ Պուրճ Համուտ

 Ֆրանսայի քաղաքաշինութեան ծրագիրներու բարձր պատուիրակութեան մը այցելութիւնը՝ Պուրճ Համուտ

Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի գլխաւորութեամբ հայկական աւանի վիճակը բարելաւելու միտուած ճիգերը կը շարունակուին։

 

Այս ծիրէն ներս օրերս Պուրճ Համուտ այցելած են Միջերկրականեան քաղաքներու եւ շրջաններու ֆրանսական գործակալութեան պատուիրակութիւնը` ԱՒԻԹԵՄ, այցելեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւն:

Ծրագիրը ֆինանսաւորուած է հարաւային Ֆրանսայի տեղական վարչակազմի, Ֆրանսայի զարգացման գործակալութեան եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին մէջ կայացած հանդիպումին կը մասնակցէին` Ֆրանսայի հարաւային նահանգի փոխնախագահ, միջազգային համագործակցութեան պատասխանատու Ժան Փիեռ Քոլըն, Նիսի փոխնախագահ եւ Միջերկրականեան քաղաքներու եւ շրջաններու ֆրանսական գործակալութեան` ԱՒԻԹԵՄ-ի տնօրէն Ակնես Ռամպալ, Ֆրանսայի հարաւային նահանգի տեղական ինքնակառավարման տնօրէն Էմիլիօ Փերեզ, ԱՒԻԹԵՄ կազմակերպութեան ռազմավարական հարցերու տնօրէն Մարի Պատուել, Եւրոպական Միութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատար Անն Մարի Ռինկոլտ: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Լիբանանեան համալսարանի եւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի ներկայացուցիչները:

Ողջունելով ֆրանսական պատուիրակութիւնը` քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց պատուիրակութեան կազմի ներկայութեան եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան զանազան ծրագիրներու ու նախաձեռնութեանց մէջ անոր աշխուժ մասնակցութեան համար: Ան պարզեց Պուրճ Համուտի դիմակալած բարգաւաճման մարտահրաւէրները` նշելով, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ տագնապը կը հարկադրէ կեդրոնանալ հրատապ հարցերու լուծման վրայ` սկսելով շրջանի մաքրութեան քայլերէն, հասնելով մինչեւ քաղաքապետութեան հիմնական պարտականութիւններու իրագործման անհրաժեշտ եկամուտի ապահովումը: Պօղոսեան յայտնեց, որ տագնապի խորքն ու լրջութիւնը եւ լիբանանցի ժողովուրդին կրած ապրուստի թէ կենցաղային տառապանքը առաւել հրատապ ու անմիջական մարտահրաւէր կը կազմեն լուծման նախաձեռնութեանց գծով տարուող երկար աշխատանքին առումով: Այս առիթով քաղաքապետ Պօղոսեան ներկաներուն պարզեց Պուրճ Համուտի բարգաւաճման ու այս գծով տարուող ճիգերու շրջագիծի ընդարձակման անհրաժեշտ կարիքները:

 

Նմանապէս, ֆրանսական պատուիրակութեան անդամները պարզեցին Պուրճ Համուտի մէջ իրենց առաքելութեան բնոյթը: Իր կարգին, Ժան Փիեռ Քոլըն դրուատեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ձեռնարկած քայլերը շրջանի բարեզարդման գծով մաղթելով սերտ եւ երկարատեւ գործակցութիւն: Քոլըն յայտնեց ֆրանսական վարչամեքենայի փափաքը` բարգաւաճման համատարած ու ամբողջական նախաձեռնութեանց հիմնաքարերու հաստատման գծով: Խորհրդակցութիւնները ընդգրկեցին նաեւ նախապատրաստական կարգ մը արհեստագիտական-թեքնիք քայլեր: Ապա պատուիրակութիւնը հետազօտական շրջապտոյտ մը կատարեց Պուրճ Համուտի, յատկապէս` Մարաշ փողոցին մէջ, մօտէն տեղեկանալով ցարդ իրագործուած ծրագիրներուն: Նմանապէս, պատուիրակութիւնը քաղաքապետ Պօղոսեանին հետ շրջեցաւ Պուրճ Համուտի յարակից` Ժտէյտէ շրջանի թափօններու թաղման վայրը, ուր քաղաքապետ Պօղոսեան պատուիրակութեան պարզեց աղբանոցի այժմու իրավիճակը:

 

 Լուրը ՝ «Ազդակ»էն