Ֆրանսայի նախագահի թեկնածու Վալերի Փեքրես յունական խոստացած է ընտրուելու պարագային վերջ դնել Թուրքիոյ` Եւրոմիութեան անդամակցելու փորձերուն:
«Զիս ամէնէն շատ կ'անհանգստացնէ ւրքական կառավարութեան շանթաժը: Ես դէմ պիտի ըլլամ Թուրքիոյ անդամակցութեան ԵՄ-ին, որու գործընթացը առկախուած է», ըսած է Փեքրես:
Աւելի վաղ թրքական մամուլին անհանգստացուցած էին Ֆրանսայի նախագահի մէկ այլ թեկնածուի` Էրիք Զեմուրի այցը Հայաստան, որ յարգանքի տուրք մատուցած էր Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին Ծիծեռնակաբերդի մէջ: