image

Էտուարտ Ասրեան նշանակուեցաւ ՀՀ ԶՈՒ-ի Գերագոյն Շտաբի պետ

Էտուարտ Ասրեան նշանակուեցաւ ՀՀ ԶՈՒ-ի Գերագոյն Շտաբի պետ

ՀՀ նախագահի հրամանագրով՝ Էտուարտ Ասրեան 5 տարի ժամկէտով նշանակուած է ՀՀ Զինուած Ուժերու Գերագոյն Շտաբի պետ:

«Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկութիւնը՝ համաձայն Սահմանադրութեան 155-րդ յօդուածի 3-րդ մասի, ինչպէս նաեւ «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» օրէնքի 35.1-ին յօդուածի 1-ին մասի եւ 36-րդ յօդուածի 1-ին մասի 1-ին կէտի.

Էտուարտ Ասրեանին նշանակել Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ՝ հինգ տարի ժամկէտով»,- ըսուած է հրամանագրին մէջ:

Նշենք, որ զօրավար Էտուարտ Ասրեանը կը զբաղցնէր Հայաստանի Զինուած Ուժերու Գերագոյն Շտաբի գլխաւոր վարչութեան պետ-Զինուած Ուժերու Գերագոյն Շտաբի պետի տեղակալի պաշտօնը, որուն նշանակուած էր  21 մայիս 2021-ին:

Յիշեցնենք, որ Էտուարտ Ասրեանը Օնիկ Գասպարեանի յայտարարութեան տակ ստորագրած 44 պաշտօնեաներէն մէկն էր:

2022-ի փետրուար 24-էն ՀՀ ԶՈւ ԳՇ պետի պաշտօնը թափուր էր։ Այդ օրը Արտակ Դաւթեանը երկրորդ անգամ ազատուեցաւ ԳՇ պետի պաշտօնէն։ Ան այդ պաշտօնին նշանակուած էր 2021-ի մարտ 22-ին՝ փոխարինելով Օնիկ Գասպարեանը։