Այս ամսուայ վերջը կրնայ հանդիպում կայանալ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի եւ Թուրքիոյ նախագահ Թայէպ Էրտողանի միջեւ: Այս մասին ուրբաթ յայտարարած է թուրք բարձրաստիճան պաշտօնեան, ըսելով, որ հանդիպման օրակարգին պիտի ըլլան Թուրքիա-Ռուսիա յարաբերութիւնները, ԱՄՆ-էն զէնքի գնումը եւ Ուքրանիոյ եւ Սուրիոյ մէջ հակամարտութիւնները:
Ինչպէս գրած է Reuters-ը, վկայակոչելով պաշտօնեան, Էրտողան սեպտեմբերի վերջը պիտի այցելէ Ուաշինկթըն։
Պայտընն ու Էրտողանը վերջին անգամ հանդիպած են յունիսի վերջը Մատրիտի մէջ ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովի ծիրէն ներս: