image

Երեւանի Կասեան փողոցը վերանուանուած է Վազգէն Առաջինի անունով

Երեւանի Կասեան փողոցը վերանուանուած է Վազգէն Առաջինի անունով

Երեւանի Կասեան փողոցը վերանուանուեցաւ ՀՀ ազգային հերոս, վեհափառ Վազգէն Առաջինի անունով։ Որոշումն ընդունուած է Երեւանի աւագանիի այսօրուան նիստին։

Երեւանի փոխքաղաքապետ Տիգրան Աւինեանը նոյն նախագիծը ներկայացուցած էր 2017 թուականին «Ելք» դաշինքի կազմին մէջ աւագանիի անդամ եղած ժամանակ։ Որպէսզի իր ըսածները չկրկնէ, այսօրուան նիստին միացուցած է 6 տարի առաջուան ձայնագրութիւնը, ուր ըսած է. «Սարգիս Կասեանը կանգնած էր ՀՀ Առաջին հանրապետութեան ոչնչացման ակունքներում, համագործակցել է թշնամու հետ։ ՀՀ–ում Կասեանի անունով ոչ միայն դպրոց եւ փողոց, այլ նաեւ փոքրիկ յուշատախտակ չպէտք է լինի»։

Փոխքաղաքապետն այսօրուան նիստին ընդգծած է, որ ԽՍՀՄ–ի փլուզումէն ետք ՀՀ–ի մէջ ոչ ամբողջական տեղի ունեցած է հերոսներու եւ հակահերոսներու արժեւորումը, սակայն կը նախատեսեն փուլ առ փուլ լուծել խնդիրը։

Աւինեանի խօսքով` բոլոր հերոսները պիտի ստանան իրենց արժանի փողոցներու անունները, իսկ բոլոր հակահերոսները պիտի վերանան մեր յիշողութենէն։