image

Եգիպտոս դատապարտած է Իսրայէլեան հարուածը՝ Կազային

Եգիպտոս դատապարտած է Իսրայէլեան հարուածը՝ Կազային

«Ամէն անգամ, երբ միջնորդները կ'աշխուժացնեն ջանքերը Կազայի հատուածին մէջ հրադադարի հասնելու համար, Իսրայէլ խաղաղ բնակիչներու հերթական միտումնաւոր  սպաննութիւն կ'իրականացնէ, ինչ որ յստակօրէն կ'ապացուցէ, որ իսրայէլեան կողմը չունի իրական քաղաքական կամք՝ վերջ դնելու այս դաժան պատերազմին»,- Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է՝ դատապարտելով Իսրայէլի հերթական գործողութիւնը,  որու հետեւանքով Կազայի դպրոցներէն մէկուն մէջ 100 մարդ զոհուած է եւ քանի մը տասնեակ վիրաւորուած։ 

Եգիպտոս նաեւ դատապարտած է Կազայի խաղաղ բնակիչներու նկատմամբ Իսրայէլի իրականացուցած հերթական գործողութիւնը եւ միջազգային հանրութեան կոչ ըրած միասնական մօտեցում ձեւաւորելու Կազայի բնակչութեան անվտանգութիւնն ապահովելու հարցի շուրջ։