image

«Եղածը պատասխան է բոլոր անոնց, որոնք գրաւ կը դնեն Իսրայէլի հետ բնականոնացման վրայ» «Հըզպալլա»էն յայտարարութիւն

«Եղածը պատասխան է   բոլոր անոնց, որոնք գրաւ կը դնեն  Իսրայէլի հետ բնականոնացման վրայ» «Հըզպալլա»էն  յայտարարութիւն

Գործողութիւնը ամենակարեւոր եւ ամենաարդիւնաւէտ գործնական պատասխանն է բնականոնացման տխրահռչակ եւ դաւաճանական հանդիպումներուն, որ արաբական որոշ վարչակարգեր կը կատարեն թշնամիին հետ, ընդգծելով, որ կարգաւորման հանդիպումները անկարեւոր եւ անարդիւնաւէտ են, քանի որ իրական որոշումը պաղեստինեան ժողովուրդին որոշումն է:

«Հըզպալլա»ն համարած է, որ «Ալ Խուտայր»ի գործողութիւնը կը հաստատէ «պաղեստինցի ժողովուրդին հաստատակամութիւնը եւ անոր կամքը` դիմակայելու բռնագրաւման՝ բոլոր առկայ հնարաւորութիւններով եւ գործիքներով», եւ որ այս գործողութիւնը «պաղեստինեան անկախ եւ դիմադրող որոշման գործընթացն է»:

Այսօր հրապարակած յայտարարութեան մէջ «Հըզպալլա»ն համարած է, որ «գործողութիւնը ամենակարեւոր եւ ամենաարդիւնաւէտ գործնական պատասխանն է բնականոնացման տխրահռչակ եւ դաւաճանական հանդիպումներուն, որ արաբական որոշ վարչակարգեր կը կատարեն թշնամիին հետ», ընդգծելով, որ «կարգաւորման հանդիպումները անկարեւոր եւ անարդիւնաւէտ են, քանի որ իրական որոշումը պաղեստինեան ժողովուրդին որոշումն է»:

Ան մատնանշեց, որ «պաղեստինցի ժողովուրդը ամէն օր կը հաստատէ, որ այս յանցագործ թշնամիին հետ հաշտեցման եւ բնականոնացման տեղ չկայ», եւ որ իրենք կը գտնուին «սրող հերոսական առճակատման մէջ մինչեւ յաղթանակ եւ ամբողջական ազատագրում»:

Երէկ Հայֆայէն եէպի հարաւ գտնուող Հերպերթ Սամուէլ փողոցին մէջ երկու հոգիի կողմէ իրականացուած հրաձգութեան հետեւանքով սպաննուած է երկու իսրայէլցի, իսկ կան վիրաւորներ, որոցնմէ շատերը ծանր վիճակի մէջ են:

Ըստ լրատուամիջոցներուն` «Ալ Խուտայր»ի գործողութեան հեղինակները Ում ալ Ֆահմի 48-րդ շրջանի պաղեստինցիներն են»:

Յիշեցնենք, որ երէկ «Ալ Մայատին»ի թղթակիցը յայտնած է, որ երկու իսրայէլացի սպաննուած են, եւս 4-ը վիրաւորուած են, որոնցմէ երկուքին վիճակը ծանր է, Հայֆայէն հարաւ գտնուող «Ալ Խուտայր» գործողութեան ընթացքին: