image

ԵԱՀԿ Մինսքեան խումբը դրական կը գնահատէ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպման հեռանկարը

ԵԱՀԿ Մինսքեան խումբը դրական կը գնահատէ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպման հեռանկարը

ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահները (Սթեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրիւ Շոֆեր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Խովաեւ (Ռուսաստանի Դաշնութիւն) տարածած են հետեւեալ յայտարարութիւնը.

«7 եւ 8 Հոկտեմբերին Ժընեւի մէջ համանախագահները խորհրդակցութիւններ կատարած են ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆիլիփօ Կրանտիի եւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի փոխնախագահ Ժիլ Գարպոնէի հետ: Հանդիպումներուն մասնակցած է նաև ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասպրշիքը: Բոլոր մասնակիցները ընդգծած են միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններուն կողմէ իրենց աշխատանքները իրականացնելու լիարժէք, անարգել մուտքի կարեւորութիւնը: 

ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի շրջանակին մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներու վերջին կառուցողական հանդիպման լոյսին տակ, համանախագահները ողջունած են Ատրպէյճանի կողմէ մէկ հայ զինուորի ազատ արձակումը, ինչպէս նաեւ քննարկած են հնարաւոր հակամագլցողական եւ մարդասիրական միջոցառումները, այդ շարքին` ձերբակալուածներու, անյայտ կորածներու եւ բոլոր տեղահանուածներու կամաւոր վերադարձին հետ կապուած: Համանախագահները ընդգծած են կողմերու հետ համաձայնութեան ոլորտներ գտնելու ուղղութեամբ աշխատանքը շարունակելու մտադրութիւնը:

Համանախագահները դրական ընդունած են նախագահ Ալիեւի եւ վարչապետ Փաշինեանի հրապարակային յայտարարութիւնները, որոնք սկզբունքային պատրաստակամութիւն կը յայտնեն միմեանց հետ հանդիպելու համանախագահներու հովանիին ներքոյ: Համանախագահները անհամբեր կը սպասեն կողմերու հետ նման հանդիպման պայմաններն ու մանրամասները քննարկելու եւ վերահաստատած են իրենց պատրաստակամութիւնը մօտ ժամանակներս այցելելու տարածաշրջան՝ քննարկելու այս գործընթացին հետագայ քայլերը», ըսուած է յայտարարութեան մէջ: