image

Դամասկոս. Բացումը կատարուած է կիսանդրին՝ Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի. Պատարագը մատուցած է Հ. Գէորգ եպս. Ասատուրեան

Դամասկոս. Բացումը կատարուած է կիսանդրին՝ Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի. Պատարագը մատուցած է Հ. Գէորգ եպս. Ասատուրեան

Ցնծութեան օրեր են Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Թեմէն ներս։

Մատուցուած է Սուրբ Պատարագ, որու աւարտին ալ բացումը կատարուած է օրերս սրբադասուած՝  Իգնատիոս Եպս. Մալոյեանի։

Պատարագը մատուցած է եւ օրուան խորհուրդը փոխանցած Դամասկոսի Թեմակալ Առաջնորդ՝ Հ. Գէորգ. Եպս. Մալոյեան։

Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ առթիւ հրապարակուած լրատւութիւնը՝

Դամասկոսի մէջ գոհաբանական աղօթք եւ կիսանդրիի բացում նուիրուած Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանին

Ուրբաթ` 31 Հոկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան` Դամասկոսի Թագուհի Տիեզերաց Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ, համայնքի առաջնորդ` Արհ. Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան գոհաբանական սուրբ պատարագ մատուցանեց Մեծ Եղեռնի նահատակ Իգնատիոս Արքեպիսկոպոս Մալոյեանի սրբադասման առիթով, որ տեղի ունեցաւ անցեալ 19 հոկտեմբեր 2025-ին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցած արարողութեան ընթացքին։

Եկեղեցւոյ մուտքն ու խորանը զարդարուած էին նոր Սուրբին պատկերներով մինչ Եկեղեցւոյ Սիրոյ Ընտանիք սկաուտախումբի անդամները յանձն առած էին հսկել կարգապահութեան եւ շեփորախումբը օրը ճոխացուց տօնական եղանակներով։

Պատարագին ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով հաւատացեալներ, որոնք Եկեղեցի փութացած էին ստանալու համար նոր սուրբին օրհնութիւնը։ Առաջին շարքի վրայ էին հայկական միութիւններու ու կրթական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, մինչ խորանին վրայ տեղ գրաւած էին եկեղեցական բարձրաստիճան հոգեւորականներ եւ քոյր եկեղեցիներու առաջնորդներ` գլխաւորութեան Դամասկոսի մէջ Պապական Նուիրակ` Կարդինալ Մարիօ Զենարիի, եւ Իգնատիոս Եփրեմ Բ Ասորի ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարքին։

Այս առիթով Լիբանանէն մասնաւորապէս ժամանած էին Զմմառու մայրավանքի մեծաւոր Գերյ. Մաշտոց Թ. Ծ. Վ. Զաաթերեանը եւ Սուրբ Մալոյեան դպրեվանքի տեսուչ` Հայր Կարապետ Վարդ Գըլընճեանը, որ տեղւոյն ժողովրդապետ Գերյ. Հայր Գէորգ Ծ. Վ. Պահեանի հետ միասին առնըթերակայեցին Գերապայծառ Տիրոջ մատուցած պատարագին։

Սուրբ Զոհի ընթացքին պատարագիչ առաջնորդը քարոզը կեդրոնացուց հայ ազգի նոր Սուրբի կենցաղին վրայ, քարոզը արտասանելով հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով, յատուկէն անդրադառնալով հայ ժողովուրդին համար այս կարեւոր իրադարձութեան, որ պատիւ կը բերէ այն ազգին որ եղած է առաջինը, որ ընդունած է քրիստոնէութիւնը որպէս կրօն եւ այդ հաւատքին համար նաեւ չէ զլացած իր արիւնը դափելու։

Սուրբ պատարագի աւարտին հաւատացեալները, գլխաւորութեամբ պատարագին մասնակցող հոգեւորականներուն, թափօր կազմելով ուղղուեցան Եկեղեցւոյ բակը` ուր տեղի ունեցաւ Նոր Սուրբին` Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի կիսանդրիի բացման արարողութիւնն ու օրհնութիւնը մինչ երգչախումբը կը հնչեցնէր սուրբին նուիրուած հոգեւոր տաղը։

Յաւարտ արարողութեան եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ սրբադասման առիթով շնորհաւորութիւններու ընդունելութիւն։