image

Չաւուշօղլու-Սթոլթենպըրկ բանակցութիւններ

Չաւուշօղլու-Սթոլթենպըրկ  բանակցութիւններ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն եւ ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթենպըրկը հեռախոսազրոյց ունեցած են։

Բանակցութիւններու ընթացքին միտքերու փոխանակում տեղի ունեցած է ՆԱԹՕ-ի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման, ինչպէս նաեւ Ռուսաստան-ՆԱԹՕ խորհուրդի նիստի նախաշեմին։

Յունուար 10-ին Ժընեւի մէջ Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ ԱՄՆ-ի միջեի բանակցութիւններ պիտի կայանան անվտանգութեան երաշխիքներու շուրջ։ Յունուար 12-ին Ռուսաստանը պիտի քննարկէ Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան վերաբերեալ իր մտահոգութիւնները, ինչպէս նաեւ անվտանգութեան երաշխիքներու վերաբերեալ ռուսական նախագիծերը ՆԱԹՕ-Ռուսաստան խորհուրդի նիստին Պրիւքսէլի եւ Յունուար 13-ին՝ Վիեննայի մէջ կայանալիք ԵԱՀԿ Մշտական խորհուրդի նիստին: