image

«Չալղըճի Կոմիտասը»

 «Չալղըճի Կոմիտասը»

Թէ՛ Կոմիտասը եւ թէ՛ միւսները գոյատեւեցին ի շնորհիւ հայ մշակոյթի, հայ գրականութեան հանդէպ իրենց ունեցած սիրոյն պատճառով, որովհետեւ հակառակ եղած ատելութիւններուն, կար ժողովուրդ մը՝ որ լաւապէս կը գիտակցէր անոնց ընծայաբերած նուիրական աշխատանքին: 

Կոմիտաս Վարդապետը «զուռնաչի», «չալղըճի» կոչող ժողովուրդ մը ինչե՜ր պիտի չընեն նոր սերունդի «մարդուժ»երուն: Ցաւ ի սիրտ մենք կատարուած աշխատանքին նայելու փոխարէն անձին կը նայինք. այդ անձին «փայլիլ»ը տեսակ մը ատելութիւն ու նախանձ կ'արթնցնէ մեր մէջ եւ նոյնիսկ եթէ գիտնանք այդ անձը կրնայ հայ ազգը ՓՐԿԵԼ՝ դարձեալ դէմ կը գտնուինք. Կոմիտասի նման քանի՜ քանիներ ոտնակոխ եղան մեր ազգի մէջ... եւ հիմա նոր զոհեր է որ կը փնտռենք՝ դարձեալ ոտնակոխելու համար: 

Մարդուժի պատրաստութեան լոյսին տակ կ'ուզենք օրինակ վերցնել Կոմիտաս Վարդապետը. մարդուժ՝ որ իր ամբողջ կեանքը նուիրաբերեց ի սէր հայ մշակոյթին, սակայն իր անձնուրաց զոհողութիւններուն դիմաց վաստակեց ատելութիւն եւ եւ գնահատանքի փոխարէն հակառակորդներ ձեռք ձգեց: 

Բազմիցս ըսած ենք, որ հակառակ այն իրողութեան որ այսօր Կոմիտաս Վարդապետ մեր մշակութային կեանքին համար որպէս հերոս կը յիշուի, իր կենդանութեան իր աշխատանքին դիմաց քաղած է լոկ ատելութիւն՝ նոյնիսկ իր միաբանակից եղբայրներուն կողմէ: Կոմիտասի կեանքը լաւապէս ուսումնասիրելով աւելիով կրնանք հասկնալ, թէ ինչ կրնայ պատահիլ մեր հասարակութեան մէջ պատրաստուած «մարդուժ»երուն: 

Կոմիտասի հանդէպ առաջին ատելութիւնը սկիզբ առաւ «հոգեւորական» եղբայրներու կողմէ. անձեր՝ որոնք թշնամին սիրել կը քարոզէին, սկսան ատել իրենց միաբանակից եղբայրը՝ որ ինքզինք նուիրած էր հայ երաժշտութեան: Այդ ատելութիւնը թաքուն նախանձ մը չէր, այլ բացայայտ հակառակութիւն մը՝ Կոմիտաս Վարդապետը վշտացնելու աստիճան: Այդ սիրոյ քարոզիչներէն մին 1903 թուականին Կոմիտասի երգերուն մասին գրելով կ'ըսէ.-

«Երեք տարի այդ միջավայրում կեանք վարեցինք եւ մեզ չափազանցութիւն չլինի ասել, վիճակուած չէր սիրոյ երգերից դուրս, ուրիշ բնաւորութիւն կրող երգերի ականջալուր լինելը: Մի ամիս, երկու ամիս կ'ուզէք երեք ամիս շարունակ անցէք Գ. Ճեմարանի պատուհանների տակից եւ դուք համոզուած եղէք, կը լսէք միշտ սիրային մի շարք «ախ ու վախեր», մի շարք երգեր, որոնց մէջ բացի «եա՜ր, եա՜ր, ջա՜ն, ջա՜ն» բացականչութիւններէն ուրիշ ոչինչ չէք լսեր»: 

Կրնաք վստահ ըլլալ, որ վերոյիշեալ ատելութիւնը պարզապէս նշոյլ մըն է Կոմիտաս վարդապետի հանդէպ եղած ատելութենէն. ինչպէ՞ս կ'ըլլար կուսակրօն վարդապետ մը երգէր «Սոնա ջան». Ինչպէ՞ս կ'ըլլար որ եկեղեցական մը երգէր «Կարոտ մնացի ես իմ յարին, յամա՜ն, յամա՜ն, յար». նման «ախ ու վախեր» բարձրաձայնող եկեղեցական մը պէտք է որ սիրած մը ունենա՞ր չէ.. եթէ չունենար ալ «ստեղծել»ը դժուար չէր, բամբասանքին հոգի՛ն ողջ ըլլայ: 

Այդ ատելութեան նամակը գրողը ազգային ու ժողովրդական երգերու հանդէպ թշնամութիւն չունենալը ցոյց տալու համար հետեւեալը կը գրէ. «Մենք ամենեւին չենք ուզում, որ մեր ժողովրդական տաղերը, որոնց խիստ սիրահար է իրենց ցոյց տալիս Հ. Կոմիտասը, անմշակ մնան. ընդհակառակը մենք կուզէինք աւելի հմուտ, աւելի տաղանդաւոր եւ պատրաստուած մարդու ձեռքին տեսնել այդպիսի մի պատասխանատու գործ»: Վերջապէս անոնց համար Կոմիտաս վարդապետի ըրածը այնքան ալ «մեծ» բան մը չէր. ան լոկ կը հաւաքէր երգերը...

Ահաւասիկ երկրորդ քար մը Կոմիտաս Վարդապետի վրայ արձակուած. Առաջին հերթին անոր եկեղեցականի նկարագիրն ու կենցաղը քննադատեցին՝ սիրային երգերու լոյսին տակ անոր կուսակրօնութեան ուխտին դէմ մեղանչելը ընդգծել փորձելով, իսկ հիմա կը փորձեն վարկաբեկել անոր երաժշտական տաղանդը՝ լաւապէս գիտակցելով որ ժողովուրդին համար մեծ կարեւորութիւն ունի ժողովրդական երգերը: 

Կ'ընդունինք, Կոմիտաս վարդապետ հաւանաբար այն ժամանակ այնքան ալ բարձրագոյն ուսում տէր չէր, սակայն այդ գծով մտածող ու աշխատող ալ չի՛ կար. կարդացէք Կոմիտաս Վարդապետի նամակները. Պեռլինի փողոցներուն մէջ Կոմիտաս Վարդապետ անօթի էր. կ'ուզէր ծանօթէ մը պարտքի գումար վերցնել՝ սակայն ինքնասիրութիւնը կը խանգարէր զինք. Հակառակ անոր երբ Կոմիտաս Վարդապետ աւարտեց իր երաժշտական ուսումը առաջարկ ստացաւ Գերմանացիներու կողմէ մեծ գումարի դիմաց դառնալու օբերայի երգիչ, սակայն իր եկեղեցական ըլլալը յայտնելով մերժեց եւ վերադարձաւ Ս. Էջմիածին: 

Սակայն քննադատութեան նիւթ դարձաւ նաեւ Կոմիտաս Վարդապետի Եւրոպիայի մէջ ստացած երաժշտական ուսումը. շատեր այն ցեխը արձակեցին, որպէս թէ Կոմիտաս Վարդապետ Եւրոպայի մէջ ունեցաւ անառակ կեանք մը՝ աշխարհի ամէն տեսակ հաճոյքներով ու զուարութեամբ լեցուն: 

Այնպէս ինչպէս այսօր, նաեւ անցեալին ղեկավարներ մարդուժի պատրաստութեան կարեւորութիւն կու տային, սակայն պատմութեան մէջ բան մը փոխուած չէ՛. նոյն ատելութեամբ կը հալածուին նաեւ ներկայի մարդուժերը. Կոմիտասի մեծութիւնը քննադատող եւ անոր կենդանութեան զինք անօթի ձգող ժողովուրդէ մը ուրիշ ի՞նչ կարելի է ակնկալել: Այս անմարդկային վերաբերմունքն է որ արգելք կը դառնայ, որ մեր մէջ ծնունդ առնեն նոր Կոմիտասներ, Օշականներ, Պարոնեաններ եւ այլ մեծութիւններ՝ որոնք նոյնպէս իրենց կենդանութեան հալածանքներէ հեռու չի մնացին: 

Թէ՛ Կոմիտասը եւ թէ՛ միւսները գոյատեւեցին ի շնորհիւ հայ մշակոյթի, հայ գրականութեան հանդէպ իրենց ունեցած սիրոյն պատճառով, որովհետեւ հակառակ եղած ատելութիւններուն, կար ժողովուրդ մը՝ որ լաւապէս կը գիտակցէր անոնց ընծայաբերած նուիրական աշխատանքին: 

Կոմիտաս Վարդապետը «զուռնաչի», «չալղըճի» կոչող ժողովուրդ մը ինչե՜ր պիտի չընեն նոր սերունդի «մարդուժ»երուն: Ցաւ ի սիրտ մենք կատարուած աշխատանքին նայելու փոխարէն անձին կը նայինք. այդ անձին «փայլիլ»ը տեսակ մը ատելութիւն ու նախանձ կ'արթնցնէ մեր մէջ եւ նոյնիսկ եթէ գիտնանք այդ անձը կրնայ հայ ազգը ՓՐԿԵԼ՝ դարձեալ դէմ կը գտնուինք. Կոմիտասի նման քանի՜ քանիներ ոտնակոխ եղան մեր ազգի մէջ... եւ հիմա նոր զոհեր է որ կը փնտռենք՝ դարձեալ ոտնակոխելու համար: 

 

 

Հրայր Տաղլեան 

«Ժամանակ»/ Պոլիս

Հրայր Տաղլեան

Հրայր Տաղլեան

Ծնած է Պէյրութ-Լիբանան, 8 Փետրուար 1992-ին: Ա...