image

Ցամաքահանում եւ առեւանգում Տէր Զօրի մէջ

 Ցամաքահանում եւ առեւանգում Տէր Զօրի մէջ

Ամերիկեան ինքնաթիռները այսօր՝ Երկուշաբթի լուսադէմին, օդային հարուած կատարած են Տէր Զօրի արեւելեան շրջանի Պուսէյրա քաղաքին մէջ, որուն հետեւանքով զոհուած է 3 խաղաղ բնակիչ՝ դպրոցի ուսուցիչ մը եւ անոր երկու որդիները։

Սուրիոյ մէջ «Մայատին»ի թղթակիցը յայտնած է, որ ամերիկեան ինքնաթիռները ցամաքահանման գործողութիւն կատարած են Սուրիոյ Տէր Զօրէն արեւելք՝ սպաննելով 3 խաղաղ բնակիչ, իսկ ուրիշներ՝ առեւանգելով:

Իր հերթին, սուրիական ՍԱՆԱ գործակալութիւնը յայտնած է, որ ամերիկեան ռազմական ինքնաթիռները այսօր լուսադէմին լայնածաւալ օդային հարուածներ հասցուցած են Տէր Զօրի արեւելեան շրջանի Պուսէյրա քաղաքին մէջ եւ առեւանգած են շարք մը խաղաղ բնակիչներ։

ՍԱՆԱ-ն յաւելած է, որ «ցամաքահանման գործողութիւնը ուղեկցուած է տուներու եւ գիւղատնտեսական հողերու վրայ ուժեղ եւ անկանոն կրակոցներով, որոնք մէկ ընտանիքէ 3 խաղաղ բնակիչներու մահուան պատճառ դարձած են»։

Դեկտեմբեր 7-ին ամերիկեան ուղղաթիռները օդային հարուած հասցուցած էին Տէր Զօրի գիւղերու որոշ տուներու վրայ եւ առեւանգած էին շարք խաղաղ մը բնակիչներ եւ զանոնք տեղափոխած էին անյայտ տարածք։ 

Յատկանշական է, որ այս ցամաքահանման գործողութիւնը երկրորդն է այս ամսուայ ընթացքին, մինչդեռ ամերիկեան ուժերը անցեալ ամսուան ընթացքին 6 ցամաքահանման գործողութիւն կատարած են արեւելեան նահանգներու առանձին հատուածներու մէջ։