image

Բախումներ Երուսաղէմի «Ալ Աքսա» մզկիթի բակերուն մէջ. Կան տուժածներ (Տեսանիւթ)

Բախումներ  Երուսաղէմի «Ալ Աքսա»  մզկիթի բակերուն մէջ. Կան տուժածներ (Տեսանիւթ)

Այսօր` Ուրբաթ, իսրայէլեան ուժերը ամբողջութեամբ դատարկեցին Ալ Աքսա մզկիթը հաւատացեալներէն` ներխուժելէ յետոյ:

Ըստ «Մայատին»-ի թղթակիցին, «իսրայէլեան ուժերը ձայնային նռնակներ, արցունքաբեր կազ եւ ռետինապատ փամփուշտներ արձակած են հաւատացեալներուն վրայ, որոնցից քանի մը հոգի վիրաւորուած են»։

 

 

Թղթակիցը յաւելած է, որ «իսայէլեան ուժերը հետապնդած են հաւատացեալները, ծեծի ենթարկած են զանոնք եւ անոնց մեծ մասը քշած են Ալ Աքսայի բակերէն եւ փակած են դէպի այնտեղ տանող բոլոր դարպասները, բացառութեամբ Պապ Հաթայի»:

Պաղեստինեան Կարմիր մահիկի տուեալներով` «աւելի քան 152 վիրաւոր կայ, որոնցմէ քանի մը հոգիին վիճակը լուրջ, Ալ Աքսա մզկիթի հաւատացեալներուն վրայ իրայէլեան ուժերուն կողմէ տեղի ունեցած յարձակման հետեւանքով», նշելով, որ «վնասուածքներուն մեծ մասը կեդրոնացած է մարմնի վերին շրջաններուն մէջ»:

Պաղեստինեան լրատուամիջոցները, յղում ընելով բժշկական աղբիւրին, կը յայտնեն, որ Ալ Աքսա մզկիթի վիրաւորներուն մէջ կայ «լուրջ պարագայ», իսկ «Մայատին»ի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ «իսրայէլեան ուժերը յայտարարած 3 անդամի վիրաւորուելու մասին, Ալ Աքսայի հաւատացեալներուն վրայ յարձակումներուն ժամանակ»:

Լրատուութեան թղթակիցը հաստատած է, որ «իսրայէլեան ուժերը մեծապէս տարածուած են Ալ Աքսա մզկիթին շրջակայքը եւ զուգահեռ գրոհած են Ալ Քապլի մզկիթը, ներսը գտնուող  հաւատացեալներու ներկայութեամբ»:

 

 

Ըստ թղթակիցին, «իսրայէլեան ուժերը այսօր Ալ Աքսա մզկիթի վրայ յարձակումներուն ընթացքին ձերբակալած են աւելի քան 300 պաղեստինցիներ»:

Մզկիթի ականատեսներէն մէկը պատմած է, որ «իսրայէլեան ուժերը կապած են տասնեակ երիտասարդներ Ալ Քապլի մզկիթին ներսը` նախապատրաստելով անոնց ձերբակալութիւնը», ընդգծելով, որ «կը շարունակուին յարձակումները բոլոր հաւատացեալներուն եւ մզկիթին ներսը գտնուողներուն վրայ»:

Ուաէտ բանտարկեալներու համախմբումը ընդգծած են, որ «Ալ Աքսայի մէջ վիրաւորները ձերբակալելը պատերազմական յանցագործութիւն է եւ կը պահանջէ միջազգային կառոյցներու հրատապ միջամտութիւն»: