image

Այո՛, Լիբանանը կրնայ վերականգնիլ. Նախարար Ճորճ Պուչիքեան

Այո՛,  Լիբանանը կրնայ վերականգնիլ. Նախարար Ճորճ Պուչիքեան

Օրերս Լիբանանի ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեան հարցազրոյց մը տուած է «Ալ Ժումհուրիա» օրաթերթին։

Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք նախարարին արտայայտած հիմնական միտքերուն հաճիրճ թարգմանութիւնը։

Պուչիքեան մասնաւորապէս ըսած  է՝ «Լիբանանը կրնայ վերականգնիլ շնորհիւ երկրին մէջ թէ դուրս գտնուող իր զաւակներու կարողութիւններուն եւ շնորհիւ բարեկամ երկիրներու օգնութեան, որոնց առաջնորդները յայտարարեցին Լիբանանը մենակ չթողնելու իրենց յանձնառութեան մասին, նկատի առնելով, որ վարչապետ «Նաժիպ Միքաթիի այցը Փարիզ եւ հանդիպումը Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ երկու կարեւոր ցուցանիշերն են աջակցելու Լիբանանին՝  փորձութենէն եւ ճգնաժամէն ոտքի կանգնելու անոր ճանապարհին»:

Պուչիքեան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն՝ կառավարութեան առիթ տալու: Ան նշեց. «Մենք ՝ որպէս պատասխանատուներ, ընթացք առած ենք մարդոցմէ եւ անոնց մտահոգութիւններէն, որոնցմէ հեռու չենք, այլ զանոնք կ'ապրինք ամէն օր ՝ ժողովրդական հիմունքներուն հանդէպ մեր հաւատարմութեամբ, զգալով անոնց երեխաների տառապանքը, եւ կը ձգտինք հնարաւորինս բաւարարել անոնց ընկերային, բժշկական եւ կրթական հարցերու վերաբերեալ պահանջները:

Պուչիքեան աւելցուց, որ Ճարտարարուեստի նախարարութեան նպատակն է ստեղծել ապագայի համար խոստումնալից արդիւնաբերական հատուած եւ նոր ոլորտներու մէջ արդիւնաբերական ներդրումներու միջավայր, որ աշխատանքի հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ եւ արհեստագիտական արտադրանքներ կ'արտահանէ, որ առիթ կու տայ երկիր վերդարձնենք տոլարներն ու այլ դրամանիշեր, որու պէտք ունի Լիբանանի աշխատանքային ոլորտը: «Այս դժուար չէ: Բայց անոր հասնիլը վստահութիւն եւ հաւատք կը պահանջէ, որոնք լիբանանցիներու բնորոշ երկու գործօններ են», ըսաւ նախարարը: