image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանը 2026-ին կը նախատեսէ աւելցնել պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ծախսերը

Ատրպէյճանը 2026-ին կը նախատեսէ աւելցնել պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ծախսերը

2026-ին Ատրպէյճանի մէջ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան համար պետական ​​պիւտճէէն ծախսերը նախատեսուած են 8 միլիառ 714,8 միլիոն մանաթ (աւելի քան 5 միլիառ տոլար) չափով։ Այս մասին նշուած է երկրի ելեւմուտի նախարարութեան «2026 թուականի համախմբուած եւ պետական ​​պիւտճէներու նախնական ցուցանիշերու վերաբերեալ» տուեալներու մէջ, հաղորդած են լրատուամիջոցները։

Տեղեկատւութեան համաձայն՝ սա 3,8%-ով աւելի է, քան 2025-ի համար հաստատուած կանխատեսումը։

Ատրպէյճանի կառավարութեան տուեալներով՝ 2026-ին ռազմական յատկացումները պետական պիւտճէի ծախսային մասի 21 տոկոսը կը կազմեն։