image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանի մէջ Անգլիոյ դեսպանը անտեղեակ է Արցախեան խնդրի ակունքներուն մասին

Ատրպէյճանի մէջ Անգլիոյ դեսպանը անտեղեակ է  Արցախեան խնդրի  ակունքներուն մասին

Մեծ Բրիտանիոյ եւրոպական տարածաշրջանի հարցերով պետական նախարար Լէօ Տոքերթիի Պաքու այցի ծրագրին մէջ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները ներառած են նաեւ «շէհիտներու ծառուղի» այց։

Այցի մասին թուիթըրի իր էջին յայտնած է Ատրպէյճանի մէջ Մեծ Բրիտանիոյ դեսպան Ֆերկուս Օլտը։ Նշուած է, որ պետական նախարարը յարգած է 1990-ի 20 յունուարին «Ատրպէյճանի խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ ԽՍՀՄ զօրքերու կողմէ իրականացուած հաշուեյարդարի» հետեւանքով զոհուած նահատակներու յիշատակը։ «Քրեմլը նման իրադարձութիւններ այժմ կ'իրականացնէ նաեւ Ուքրանիոյ մէջ»,-աւելցուցած է Օլտը, գրած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները: 

Նման համեմատութեամբ, որ ակնյայտօրէն կոչուած էր «խայթել»ու կա՛մ Քրեմլին կա՛մ ԽՍՀՄ-ին, դեսպան Օլտը գործնականօրէն ցոյց տուած է, որ անտեղեակ է ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան ներկայ փուլէն։ 1990-ի յունուարի իրադարձութիւնները, որոնք անգլիացի դիւանագէտը համեմատած էր Ուքրանիոյ պատերազմին հետ, Ատրպէյճանի մէջ հայերու կոտորածի հետեւանք էին։ ԽՍՀՄ-ի գործողութիւնները, ցաւօք, միայն ուշացած փորձ էին Պաքուի եւ ատրպէյճանական այլ քաղաքներու մէջ հայերու զանգուածային սպանութիւնները կասեցնելու համար։ Այսպէս այն ժամանակուայ Խորհրդային Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պատասխանեցին Լեռնային Ղարաբաղի հայերու ազատագրական շարժման։

Ցաւօք, իրենց պատմութեան այս խայտառակ էջի մասին Ատրպէյճանի մէջ ոչ միայն կը նախընտրեն չյիշել, այլ նաեւ իրենց ու միւսներուն վստահեցուցած են, որ այն պարզապէս չէ եղած։