«Azerbaijan Airlines»-ը (AZAL) յայտարարած է, որ 6 Հոկտեմբերէն սկսած է օգտագործել Հայաստանի օդային տարածքը Պաքու-Նախիջեւան-Պաքու ներքին թռիչքները իրականացնելու համար:
«Այս քայլը ցոյց կու տայս տարածաշրջանին ճանապարհային հաղորդակցութիւնները ապաշրջափակելու Ատրպէյճանի վճռական պատրաստակամութիւնը, որ կը համապատասխանէ սահմանամերձ բոլոր երկիրներու շահերուն», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Պաքու-Նախիջեւան-Պաքու թռիչքի երթուղիին փոփոխութիւնը կը յանգեցնէ այս ուղղութեամբ թռիչքի ժամանակի կրճատման, ինչպէս նաեւ թռիչքի ընթացքին վառելիքի սպառման նուազման:
Մինչ այդ, Իրանը իր օդային սահմանները փակած է Ատրպէյճանի ռազմական ինքնաթիռներուն համար: Այդ տարածքը Ատրպէյճանը կ'օգտագործէր Նախիջեւանի մէջ տեղակայուած զօրամասերու ռազմական մատակարարման նպատակով:
Նշենք, որ Ատրպէյճանն ու Հայաստանը պաշտօնապէս չէին փակած իրենց օդային տարածքը երկու երկիրներու օդանաւային ընկերութիւններուն համար: Այդուհանդերձ, 1990-ականներու սկիզբէն, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան պատճառով, ատրպէյճանական ինքնաթիռները չեն օգտագործած Հայաստանի օդային միջանցքները, իսկ հայկականները՝ Ատրպէյճանի օդային տարածքը: